ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի աւարտէն 18 տարի անց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) պիտի քննարկէ երկու հայց, որոնց պարագային հայցուորները քաղաքացիներ են, որոնք կը պնդեն, որ աքսորուած են իրենց տուներէն 1992ին՝ պատերազմի ժամանակ:
Անոնք չեն կրցած վերադառնալ նոյնիսկ երբ ռազմական գործողութիւնները աւարտած են եւ 1994 Մայիսին հրադադարի գծով համաձայնագիր ստորագրուած է:
Դիմումներէն մէկը ներկայացուած է Ատրպէյճանի, իսկ միւսը՝ Հայաստանի դէմ: Լոնտոնեան իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն մէկուն ղեկավարը «Պի.Պի.Սի.»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ ընդունելով երկու հայցերը դիտարկելու որոշումը՝ դատարանը ցուցադրած է իր չէզոք դիրքորոշումը՝ այդ միջպետական հակամարտութեան վերաբերեալ:
Ատրպէյճանի դէմ հայցը 2006ին ներկայացուցած էր Մինաս Սարգսեան: Ներկայացուած փաստաթուղթերուն համաձայն, ատրպեճանական բանակը Սարգսեանին ու անոր ընտանիքին պարտադրած է լքել իր տունն ու հողը Ատրպէյճանի Շահումեան շրջանի Գիւլիստան գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի վարչական սահմանէն հիւսիս:
Մինաս Սարգսեան մահացած է 2009ին եւ դատարանին մէջ անոր հայցը կը ներկայացնեն անոր այրին եւ երեք երեխաները:
Հայաստանի դէմ ներկայացուած հայցով Լաչինի շրջանին մէջ բնակած քիւրտ քանի մը ընտանիքներ կը պնդեն, թէ հայկական բանակի յարձակման իբրեւ հետեւանք՝ ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները։