
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան համաձայն, Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ նշանակուած է Տիգրան Գասպարեան։ Վերջինս 1983ին իբրեւ բեմադրող աշխատանքի սկսած է Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոն, ուր կը շարունակէ աշխատիլ մինչ օրս: Անոր բեմադրութիւններէն են՝ Պ. Զէյթունցեանի «Ոտքի՛, դատարանն է գալիս»ը, Ա. Քամիւի «Կալիգուլա»ն, Ֆ. Տոսթոեւսքի «Ոճիր եւ պատիժ»ը, Վարդան Պետրոսեանի «Կրակի մէջ»ը: Նշենք, որ ան այժմ զբաղած է Շեքսփիրի «Ճոն արքայ» թատերախաղի բեմադրութեամբ, որ Մայիսին պիտի ներկայացուի Լոնտոնի «Կլոպուս» թատրոնին մէջ կայանալիք Շեքսփիրեան փառատօնին:
Նշենք, որ 16 Օգոստոս 2008ին Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Վահէ Շահվերդեանի հեռանալէն ետք՝ թատրոնը մնացած էր առանց գեղարուեստական ղեկավարի: Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ամիսներ առաջ տուած ասուլիսին ընթացքին յայտնած էր, որ թատրոնը գեղարուեստական ղեկավար պիտի չունենայ, այլ պիտի ունենայ գլխաւոր բեմադրիչ: