ՓԱՐԻԶ, «Հայկական ժամանակ».- «Փարիզեան սուրճ»ի նախկին սեփականատէր, ֆրանսահայ գործարար Վալերի Աշխէն Գործունեան հաւանաբար յառաջիկային դատ բանայ Եւրոպական դատարանին մէջ՝ ընդդէմ Հայաստանի կառավարութեան:
«Ես կրնամ նոյնիսկ պետութեան դէմ դատ բանալ Եւրոպական դատարանին մէջ, որովհետեւ անոր որոշումներուն պատճառով կորսնցուցած եմ իմ ունեցուածքը: Հիմա, երբ ամէն ինչ կորսնցուցած եմ, ես ժամանակ ունիմ: Ես գիտեմ, որ Եւրոպական դատարան դիմելը ժամանակ պիտի խլէ, բայց գոնէ այս իշխանութիւնները անպատիժ չեն մնար: Կը հասկնա՞ք, ես շատ մեծ ունեցուածք կորսնցուցած եմ Հայաստանի մէջ: Իրենց պատճառով ինչո՞ւ պիտի կորսնցնեմ ամէն ին»չ, Յունուար 9ին Փարիզէն անոր հետ կայացած զրոյցին ընթացքին ըսած է Գործունեան: