
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Յունուար 11ին կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին, համալսարանի նախագահի մրցանակին արժանացած է համալսարանի դասախօսներէն ընկերաբան դոկտ. Մեթիու Ճենտեանը, որ 1995էն կը պաշտօնավարէ համալսարանէն ներս:
Դոկտ. Ճենտեան վարիչն է համալսարանի ընկերաբանութեան բաժանմունքին եւ հեղինակն է «Becoming American, Remaining Ethnic» հատորին: