
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, վերջերս լոյս տեսան երեք հրատարակութիւններ, որոնց ընծայումն ու շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ, Չորեքշաբթի Դեկտեմբեր 14ի երեկոյեան, նախագահութեամբ առաջնորդին։
Օրուան հանդիսավարն էր առաջնորդարանի գրադարանավար Հայկ Մատոյեան, որ բարի գալուստ մաղթեց հանդիսականներուն եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Երեք հեղինակներն ալ «խորհած եւ մտած են» հոգիները մշակող լոյսի դարբնոց մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի Դպրեվանքը, այն վայրը, որ ուսանողները սրբազան կրակի մէջէն անցընելով՝ Աստուծոյ համար ընտիր անօթներ կը պատրաստէ, ինչպիսիք են Եփրեմ արքեպիսկոպոս Թապագեան, դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան եւ Կարօ Պետրոսեան»:
Ներկայացուած հատորներն էին՝
– «Շարակնոց Հայ Եկեղեցւոյ» (աշխարահաբար), երրորդ տպագրութիւն, հեղինակութեամբ Եփրեմ արք. Թապագեանի.
– «Հայ Եկեղեցւոյ Բարձրաստիճան Հոգեւորականներ», Բ. հատոր, հեղինակութեամբ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի.
– «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Տօները եւ Ազգային Աւանդութիւններ» (արեւելահայերէն), երկրորդ տպագրութիւն, հեղինակութեամբ Կարօ Պետրոսեանի։