
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններէն, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններէն՝ ՀՅԴէն, ՌԱԿէն եւ ՍԴՀԿէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինէն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինէն ներկայացուցիչներ այցելեցին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի առաջին խորհրդական Տիտիէ Շապերի եւ դեսպանի երկրորդ խորհրդական Սելին Փլասի հետ:
Հայկական պատուիրակութիւնը Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման համար լիբանանահայութեան գոհունակութիւնը փոխանցեց՝ յոյս յայտնելով, որ Ֆրանսայի ծերակոյտը եւս 23 Յունուարին նախատեսուած իր նիստին ընթացքին հետեւի խորհրդարանի օրինակին:
Հայկական պատուիրակութիւնը այս հարցով ֆրանսացի դիւանագէտներուն յանձնեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթօնին ուղղուած յուշագիր մը, որ կը նշէր, թէ «ժխտողականութեան դէմ պայքարը արդար պայքար մըն է եւ քաղաքական կամ ընտրական հաշիւներու հարց մը չէ»: Յուշագիրը կ՛ընդգծէ՛ր, որ նշեալ օրինագիծին որդեգրումով «արդարութիւնը յաղթանակեց»՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ նկատի ունենայ, որ տնտեսական շանթաժներն ու քաղաքական սպառնալիքները չեն կրնար հայկական հոսած արեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան սկզբունքներուն դիմաց ծանր կշռել: