ՉԵԼԻԱՊԻՆՍՔ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ մէջ 2010ի մարդահամարին տուեալներով պարզուած է, որ Չելեապինսքի մարզին մէջ հայերուն թիւը ութ տարուան մէջ աճած է 8 տոկոսով: Միեւնոյն ժամանակ ռուսերու, ուքրանացիներու, թաթարներու եւ գերմանացիներու թիւը նուազած է:
«ԱԻՖ Չելեապինսքի» տուեալներով, վերջին տարիներուն 5 տոկոսով կրճատուած է իրենքզիրենք ռուս համարողներուն, 12 տոկոսով՝ թաթար համարողներուն, 2,5 տոկոսով՝ ղազախ եւ բաշկիր համարողներուն թիւը: Մէկ երրորդով նուազած է պելառուսերու, ուքրանացիներու, գերմանացիներու եւ մորտուացիներու թիւը, որոնք կ՛ապրին Հարաւային Ուրալի մէջ: Աճած է միայն հայերուն թիւը, որոնք կը կազմեն տեղի բնակչութեան 0.3 տոկոսը։