
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Քանի մը տարիէ ի վեր, իբրեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ալֆրետ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարանի երկու աշակերտներու ծնող, ականատես եղած եմ վարժարանին արձանագրած նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Ականատես եղած եմ խնամակալ մարմինի, ծնողա-ուսուցչական կազմի, տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմի անդամներուն ցուցաբերած նուիրաբերումին՝ դպրոցի ձեռնարկներուն յաջողութեան նպաստող, ինչպէս նաեւ դժուարութեան մը յաղթահարման կամ շրջանցման համար տարուած գործունէութեան եւ անշահախնդիր աշխատանքներուն։
Բոլոր կազմերու անդամներուն աշխատանքի արդիւնքով էր, որ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին բացումը կատարուեցաւ մեր վարժարանի նորակառոյց գրադարանին։ Գրադարանի կառուցման համար նախորդ ծնողա-ուսուցչական կազմերը կատարած էին անհրաժեշտ հասութաբեր ձեռնակները՝ ապահովելով կառուցման ծախսերը։
Կ՛ուզեմ փակագիծ մը բանալ եւ ըսել, որ կան անշուշտ անձեր, որոնք կը հաւատան գիրքերու կեանքի վաղահաս վախճանին եւ նոր գրադարան հիմնելը անհրաժեշտ աշխատանք մը չեն նկատեր՝ պատճառաբանելով, որ այս դարուս արհեստագիտութիւնը այսչափ յառաջացած է եւ իսկական գիրքերու պահանջը պակսած, եւ գիրքեր փոխարինուած են անոնց ելեկտրական օրինակներով։ Գիրքի հանդէպ մեծ սէր ու հաւատք ունեցող ծնող մը ըլլալով՝ կ՛ուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել «Յովսէփեան» վարժարանին շուրջ համախմբուած պատասխանատուներուն, որոնք անդրդուելի կը մնան գիրքի եւ գրականութեան հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին մէջ եւ առիթը կ՛ընծայեն, որ մեր աշակերտները ունենան զիրենք հիւրընկալող, գեղեցիկ ոճով կահաւորուած եւ դասաւորուած նոր գրադարան մը։

Գրադարանին պիտանի գիրքերը ապահովուեցան ծնողա-ուսուցչական կազմին նախաձեռնած մէկ այլ հետաքրքրական միջոցառումով, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 5, 2011ին, Կլենտէյլի «Պարնզ էնտ Նոպըլզ» գրախանութէն ներս։ Այդ օրը, իւրաքանչիւր աշակերտ իրեն համար սահմանուած գիրքը գնեց գրախանութէն եւ նուիրեց դպրոցի գրադարանին. նաեւ, նոյն գրախանութէն մեր դպրոցին միջոցաւ եղած առուծախէն շահաբաժին մը նուիրուեցաւ դպրոցին։ Սոյն ձեռնարկը ճոխացուցին Է. եւ Ը. կարգերու աշակերտ-աշակերտուհիները՝ գրախանութէն ներս փոքր երեխաներու յարմար երկլեզու պատմասածութիւն ներկայացնելով։
Շատ հաճելի է շրջապատուած ըլլալ ծնողներով, տնօրէնութեամբ ու ուսուցչակազմի անդամներով, որոնք լրջօրէն եւ ամենայն զոհողութեամբ ու հետաքրքրական ձեռնարկներով կը փորձեն նեցուկ կանգնիլ մեր սիրելի վարժարանին, որ իրապէս մեր երեխաներուն համար երկրորդ մեծ տունն է՝ տրամադրելով անոնց ամէն առիթ յառաջդիմելու եւ զարգանալու։
Գրադարանին համար հայերէն գիրքեր ապահովելու աշխատանքը ստ-անձնած էր հայերէն բաժանմունքն ու ծնողա-ուսուցչական կազմը։
Գրադարանի բացման օրը, Հայ թատերական ընկերակցութիւնը այցելելով մեր վարժարանը՝ ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն, իսկ նոյն օրը տեղի ունեցաւ հայերէն գիրքերու վաճառք եւ ցուցադրութիւն։ Սոյն երկու ձեռնարկներուն հասոյթով գրադարանին հայերէն գիրքերու ցանկ մը պիտի տրամադրուի։ Վարձքը կատար բոլոր այն նուիրեալ անձերուն, որոնց երկար աշխատանքին շնորհիւ կրցանք իրականացնել նոր գրադարան մը ունենալու երազը։
Կ՛ուզեմ նաեւ անդրադառնալ մեր աշակերտներուն ներկայացուցած Ամանորի հանդիսութեան։ Այս տարի մեր դպրոցին կարգն էր՝ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ ներկայացնելու Կաղանդի հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ Դեկտեմբեր 9ին եւ որուն ներկայ գտնուեցաւ ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի որոշ կարգերու եւ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի բարձրագոյն կարգերու աշակերտութիւնը։ Բոլոր աշակերտներն ալ հրաշալի կերպով պատրաստած էին իրենց հանդիսութիւնը, անշուշտ շնորհիւ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հոգատար եւ բծախնդիր աշխատանքին։

Երկրորդ անգամն ըլլալով այդ օրը երեկոյեան աշակերտները դարձեալ ներկայացուցին իրենց հանդէսը, այս անգամ մեր եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահէն ներս, իրենց ծնողներուն եւ բարեկամներուն համար։ Գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ ըմբոշխնեցինք նոյն յայտագիրը, երբ այդ օր երեկոյեան անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ ո՛ւր հայերէնի հանդէպ սէր եւ յարգանք կը տածուի, հո՛ն կարելի կ՛ըլլայ տեսնել մայրենի լեզուով արտայայտուող աշակերտներ, որոնք այդ օրուան ամբողջովին հայերէն լեզուով պատրաստուած յայտագիրին համար տրամադրած էին երկար ժամեր եւ որոնք կրցան համարձակօրէն եւ ազատօրէն ներկայացնել իրենց սահմանուած բաժիններն ու դերերը։
Իբրեւ հանդիսատես՝ իրապէս կլանուած էի այն իրողութեամբ, որ աշակերտները կրցան սահունօրէն եւ անկաշկանդ կատարել տրամախօսութիւն, արտասանութիւն, երգ եւ հայկական պար։ Տնօրէն Շահէ Մանկրեան, Սարգիս Մահսէրէճեանի «Հրաշալի ճամբորդութիւն դէպի 406 թուական» ներկայացումը մշակած էր եւ համահունչօրէն պատշաճեցուցած իւրաքանչիւր դասարանի ներկայացնելիք նիւթին։ Տրամախօսութեան ընթացքին «Time Machine» մը օգտագործելով՝ կրցանք այցելել Բեթղեհէմ, ականատես ըլլալու Փրկիչի Ծնունդին, որմէ ետք «այցելեցինք» Արեւմտեան Հայաստան, Վաղարշապատ եւ Արցախ, եւ մեր պատմութեան կարեւոր անցուդարձերուն ներկայ գտնուեցանք։
Շատ հետաքրքրական էր մեր ամէնէն փոքր աշակերտներուն ներկայացուցած երգ-պարը. անոնք կը ներկայացնէին մեզմէ 100 տարի ետք կատարուող Ս. Ծննդեան հանդիսութիւն մը։
Իբրեւ ծնող՝ իրապէս կը գնահատեմ ամբողջ ուսուցչակազմի անդամներուն ցուցաբերած անսակարկ զոհողութիւնը, պարտականութիւններուն հանդէպ ցուցաբերած բարձր գիտակցութիւնը, որոնց շնորհիւ է միայն որ մենք «Յովսէփեան» վարժարանին շուրջ համախմբուելով՝ ուրախութեամբ կը բաժնեկցինք մեր դպրոցին արձանագրած բոլոր յաջողութիւնները։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանի ծնողքի մը կողմէ)