
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ Լիպերալ-դեմոկրատական (Ազատական-ժողովրդավարական) կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը, ատրպեճանական «ԱՊԱ» գործակալութեան հետ հարցազրոյցին ընթացքին նշած է, թէ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը չեն կրնար լուծել ղարաբաղեան հարցը առանց Ռուսիոյ միջնորդութեան: Ժիրինովսքի իր խօսքին մէջ նշած է, թէ եթէ ինքը նախագահ դառնայ, պիտի առաջարկէ, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստանը մտնեն Ռուսիոյ կազմին մէջ՝ իբրեւ Անդրկովկասեան դաշնային շրջան: «Դաշնային շրջանի ղեկավարութիւնը բնակչութեան թիւին բերումով պէտք է տրամադրուի Ատրպէյճանին, ղեկավարի տեղակալները կրնան ընտրուիլ նաեւ հայերուն կազմէն», դիտել տուած է Ժիրինովսքի, ըստ որուն, եթէ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը չհամաձայնին այդ առաջարկին, այն ատեն Ռուսիա պիտի ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը, ինչպէս ճանչցած է Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը։
Մեկնաբանելով Ֆրանսայի Ծերակոյտի որոշումը՝ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ, Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտարարած է, որ այս մէկը դրական է: Ըստ իրեն, Ռուսիոյ մէջ նման նախաձեռնութիւն չի կատարուիր, քանի որ չեն ուզեր Ատրպէյճանն ու Հայաստանը զայրացնել: «Ինչպէս կը փափաքիք, այնպէս ալ ապրեցէք: Դուք լաւ կ՛ապրէիք Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ, բայց երբ դուրս եկաք, սկսաք կռուիլ», յիշեցուցած է Ժիրինովսքի, որուն կարծիքով, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կրնայ լուծել միայն Ռուսիան: «Ես չեմ փափաքիր, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմ սկսի: ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, Ֆրանսան եւ միւսները երբեք չեն կրնար օգնել տագնապի լուծման: Մենք երբեք Հայաստանը առանձին չենք ձգեր, քանի որ Թուրքիան անմիջապէս կը սպառնայ մեզի: Ձեզի ծանօթ է «Թրքական 3րդ դաշտային բանակը»: Անոնք կը փափաքին նուաճել ամբողջ Կովկասը, Վորոնեժը, Վոլկոկրատը եւ Ռոստովը: Մենք չենք կրնար նման բան թոյլատրել», ըսած է Ժիրինովսքի: