ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Իրաքի մէջ լարուածութիւնները մեղմացնելու նպատակով՝ Պոլսոյ մէջ ժողով մը գումարելու՝ Իրաքի սիւննի եւ շիի ղեկավարները մէկ սեղանի շուրջ հաւաքելով։
Օրաթերթը կը նշէ, որ ժողովը, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութիւնն է, տեղի պիտի ունենայ Փետրուարի վերջաւորութեան։ «Սապահ» կը գրէ, թէ Թուրքիա կը ձգտի ստեղծելու միջազգային մարմին մը, որ սեղանի շուրջ կը հաւաքէ շրջանին տարբեր խմբաւորումները։