ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ. լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Ռոլան Քոպիա Չորեքշաբթի, Փետրուար 8ին յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման բանակցային հոլովոյթը արագացնելու եւ դիւրացնելու նպատակով՝ նոր գաղափարներով հանդէս գալու։
«Առաջին հերթին, Եւրոպական Միութեան մօտեցումը ուղղուած է քաղաքացիներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ հակամարտող կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման», ըսած է ան։
Ըստ Քոպիայի, Եւրոպական Միութեան առաջարկները տակաւին կը քննարկուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն կողմէ, եւ առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային՝ պիտի ներկայացուին լայն հասարակութեան։
Ըստ պատուիրակին, ղարաբաղեան խնդիրը եղած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լըֆորի Ատրպէյճան այցելութեան քննարկման հիմնական նիւթը։ Վերջինս Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին ու ներքին գործոց, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան նախարարներուն հետ։
Քոպիայի համաձայն, հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ առաւել աշխոյժ դեր խաղալու Եւրոպական Միութեան մտադրութիւնը հաստատած էր նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովական քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընը, 2011ի վերջաւորութեան Պաքու իր այցելութեան ընթացքին:
«Ուրախ եմ, որ Եւրոպական Միութեան այս ձգտումը մեծ ուշադրութեան արժանացաւ Սոչիի մէջ նախագահներու եռակողմանի հանդիպման ժամանակ։ Անիկա նաեւ ընդունուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին կողմէ», ըսած է Քոպիա։