Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով (Տեառնընդառաջ), Հայ ընտանիքի հզօրացման եւ կայունացման ի խնդիր տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն եւ քայլարշաւ, Երկուշաբթի, Փետրուար 13ին, կ.ե. ժամը 4ին: Հովանաւորութեամբ եւ քաջալերութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի, Արեւմտեան թեմը կազմակերպած է յատուկ ծրագիր աշխատանք մը՝ ընդդէմ տնային բռնութեանց:
«Հայ եկեղեցին պէտք է դառնայ այն ապահով վայրը բոլոր անոնց, որոնք զոհ կը դառնան բրտութեան: Հայ եկեղեցին պարտականութիւնը ունի դաստիարակելու մեր ժողովուրդի զաւակները, ապրելու Աստուածապարգեւ իրենց կեանքը յարգանքով եւ արժանապատուութեամբ», կ՛ըսէ առաջնորդը:
Արշաւը պիտի սկսի Կլենտէյլի Ս. Պետրոս եկեղեցիէն (632 W. Stocker St., Glendale, CA) ու պիտի աւարտի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մօտ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank):
Քայլարշաւի մասնակցողները իրենց հետ պիտի ունենան պաստառներ՝ «Բռնութիւնը կը վիրաւորէ, սէրը կը յաղթանակէ» արձանագրութեամբ:
Երեկոյեան ժամը 6:30ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի արարողութիւն: Արարողութեան ընթացքին սրբազան հայրը պիտի դիմաւորէ ուխտաւորները եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամն ու օրհնութիւնները հայ ընտանիքներուն:
Արարողութեան աւարտին Սրբոց Ղեւոնդեանց շրջափակէն ներս տեղի պիտի ունենայ աւանդական խառուկահանդէս, որ կը խորհրդանշէ աշխարհի լոյսը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որ եկաւ աշխարհ մեր մեղքերը սրբելու եւ իր անմահական կրակովը մեր հոգիի աղտերը մաքրելու ու վերանորոգելու համար:
Արարողութեան աւարտին, փոխադրամիջոցներ ապահովուած են մասնակիցները Ս. Պետրոս եկեղեցի վերադարձնելու համար: