ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբաններու միութեան ու «Սաութուես»չ իրաւաբանական համալսարանին կողմէ կազմակերպուած է դաստիարակչական հաւաք մը, որուն ընթացքին 15 իրաւաբաններ իրենց ասպարէզին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցեն ապագայ իրաւաբաններու:
Ձեռնարկին կրնան մասնակցիլ իրաւաբանութեան մարզի բոլոր ուսանողները: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Փետրուար 11ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն 11:30, «Սաութուեսթ» իրաւաբանական համալսարանին մէջ (3050 Wilshire Blvd., Los Angeles 90010, «Bullocks Wilshire» շէնք, երկրորդ յարկ): Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել hovanes@margarianlaw.com կամ agharakhanian@swlaw.edu հասցէներուն, կամ՝ այցելել www.facebook.com/events/205769026184635 կայքէջը: