ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնն ու Երեւանի քաղաքապետարանը կը բանակցին Եռաբլուրին մօտ գտնուող տարածքին մէջ մեծ զբօսայգի հիմնելու շուրջ։ Այս մասին Փետրուար 8ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան:
Ըստ անոր, նախագիծը քանի մը անգամ ներկայացուած է քննարկման ու քաղաքապետին եւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետին կողմէ համաձայնութեան արժանացած է: Ան նշեց, որ նիւթականի հարցը լուծելէ ետք նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի:
Նախարարը նշեց, որ կանաչ տարածքներու պահպանման ու նորերու ստեղծման գծով ե՛ւ իրենք, ե՛ւ Երեւանի քաղաքապետարանը աշխատանքներ կը տանին:
«Նախորդ տարի նախարարութիւնը մերժել է մի քանի օբյեկտների կառուցման նախագծեր, քանի որ տուեալ շինարարութիւնը պէտք է կառուցուէր կանաչ գօտու հաշուին», ըսաւ Վարդան Վարդանեան: