
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատունը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Մարտ 1ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Ստեփան Փարթամեանը Միացեալ Նահանգներուն շնորհուած ամերիկահայերու նպաստին մասին իր անգլերէն ու հայերէն հատորներուն՝ «Այո՛, Մենք Ենք» եւ «Yes, We Have», ներկայացումը պիտի կատարէ:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ գինիի ու պանիրի հիւրասիրութիւն: Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Suite 102, Glendale:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Առնօ Երէցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով: