
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յունաստան կը գտնուի՝ եռօրեայ այցի ծրագիրով:
ԼՂՀ նախագահի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներ ու պաշտօնատարներ:
Կիրակի 12 Փետրուարին, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունէն ներս տեղի ունեցաւ ԼՂՀ նախագահի եւ ՀՅԴ Յունաստանի կեդրոնական կոմիտէի հանդիպումը:
Ներկայ էին Արցախի թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղակալ զօրավար Վարդան Բալայեանը, ԼՂՀ առաջին բանակային կորպուսի հրամանատար զօրավար Կամօ Աղաջանեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իւան Յովհաննէսեանը եւ վարչապետի խորհրդական Վազգէն Միքայէլեանը:
ՀՅԴ Յունաստանի կեդրոնական կոմիտէէն ներկայ էին ընկերներ Գէորգ Գոլանեան, Արա Մանկոյեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Թագւոր Յովակիմեան, Դաւիթ Պետրոսեան եւ Խաչիկ Կարինեան: Ներկայ էր նաեւ «Ազատ Օր»ի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն, Արցախի հասարակական-տնտեսական իրավիճակին եւ ատրպեճանական ռազմատենչ քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:
Արցախի ղեկավարը կարեւոր համարեց Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ զայն նկատելով հայ ժողովուրդի եւ անոր պետականութեան առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը: Ան ծանրացաւ Սփիւռքի ունեցած ներուժին վրայ, դիտել տալով, թէ ԼՂՀ կայուն զարգացման փուլ թեւակոխած է, ուր կ՛ակնկալէ ամբողջ հայութեան զօրակցութիւնը եւ գործօն մասնակցութիւնը:
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան յատուկ անդրադարձ կատարեց Յունաստանի Սիրոս կղզիին մէջ արդէն 16 տարիներ շարունակ հիւրընկալուող Արցախի փոքրիկներու ծրագիրին, գնահատելով ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի հետեւողականութիւնը այս ծրագիրի իրագործման մէջ: Ան նաեւ գնահատեց Յունաստանի եւ յունահայութեան զօրակցութիւնը Արցախի վերաբերող հարցերուն:
Նախագահ Սահակեան գնահատեց ընդհանրապէս ՀՕՄի ու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի դերակատարութիւնը եւ Արցախի մէջ անոնց տարած կենսական գործունէութիւնը, մասնաւորապէս նշելով Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին օժանդակութեամբ Արցախին ջուր մատակարարելու ծրագիրը, որպէս կենսական իրագործում երկրի վերելքին ու հզօրացման համար:
Իր կարգին ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Գոլանեան ներկայացուց միութենական մեր կառոյցները եւ անոնց ծաւալած գործունէութեան դաշտը, հաւաստիացնելով ջանքերը բազմապատկելու տրամադրուածութեան մասին:
Երկուշաբթի առաւօտուն ԼՂՀ նախագահը այցելած է Յունաստանի Հայոց Ազգային առաջնորդարան: