
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական հիմնարկը որոշած է Ապրիլ 15ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին մեծարել Հայկական Ցեղասպանութեան վկայութիւնները թուայնացնելու աշխատանքին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած «Շօուա» հիմնարկը, որ նոյն համալսարանին մէջ 1994ին հաստատուած է աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի կողմէ, Հրէական Ողջակիզումէն վերապրած հրեաներու վկայութիւնները պահպանելու նպատակով:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական հիմնարկի ղեկավարման խորհուրդը որոշած է ի մի բերել Ցեղասպանութեան վերապրողներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները, եւ «Շօուա» հիմնարկին աջակցութեամբ՝ թուայնացնել զանոնք՝ զգալիօրէն դիւրացնելով անոնց ուսումնասիրութիւնը: Այս նպատակին համար պիտի օգտագործուի Մայքըլ Ճէյ. Յակոբեանի ու Հայկական շարժապատկերի հիմնադրամին կազմած մօտաւորապէս 400 ականատեսներու վկայութիւնները:
Ապրիլ 15ի ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ Արմին Վեկնըրն ու Մայքըլ Ճէյ. Յակոբեանը: Արմին Վեկնըրը գերմանացի իրաւագէտ մըն էր, որ իբրեւ կամաւոր մասնակցած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին՝ ականատես դառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան: Անոր լուսանկարները անհերքելի վկայութիւններ կը մնան Ցեղասպանութենէն: Ան նաեւ աւելի ուշ բաց նամակ մը յղած էր Ատոլֆ Հիթլերին՝ դատապարտելով հրեաներուն սպանդը:
Յատկանշական է, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները տեսաերիզի վրայ արձանագրած բեմադրիչ Մայքըլ Ճէյ. Յակոբեանը, հարցազրոյցներու իր շարքը սկսած էր 1966ին, նոյնինքն Արմին Վեկնըրի հետ կատարուած հարցազրոյցով: