ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէ»չ օրաթերթը եւ իսրայէլեան «Տեպքա» կայքը կը հաղորդեն, որ Իսրայէլ Փետրուար 10ին Մալաթիոյ Քիւրեճիք զօրակայանին մէջ զետեղուած ամերիկեան հակահրթիռային համակարգի ռատարին կողմէ փոխանցուած տեղեկութեանց հիմամբ, իր «Արօ» տիպի հակահրթիռային համակարգը փորձարկած է։ Այս ռազմափորձին համար «Պլու Սփարօ 2» տիպի հրթիռներ արձակուած են՝ ամերիկեան ռատարին հսկողութեան տակ:
Վահանը փորձարկուած է Սուրիայէն կամ Իրանէն յարձակումի մը հաւանականութեան դէմ, եւ ըստ «Տեպքա»ի՝ յաջողութեամբ պսակուած է։ Ըստ իսրայէլեան կայքին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Թուրքիոյ մէջ զետեղուած ռատարը իսրայէլեան փորձերու համար օգտագործելու իր ընդդիմութիւնը, սակայն Անգարա, ի վերջոյ, տեղի տուած է:
Իրանեան լրատուամիջոցները այս փորձը նկատած են Իրանի եւ Սուրիոյ վրայ յարձակումներու նախապատրաստութիւն: Նշենք, որ Իրանի Յեղափոխութեան պահապաններու հակաօդային ուժերու հրամանատար Ալի Հաճիզատէ ազդարարած էր, թէ, ի հարկին՝ Իրան կրնայ հարուածել Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած ՆԱԹՕի բոլոր հակաօդային համալիրները: