ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բարոյական յաղթանակի լաւագոյն օրինակը մեր պատմութեան մէջ Վարդանանց պատերազմով բացատրուած է:
Թշնամիի գերակշիռ ուժերուն դէմ ծառանալ, մերժել ծունկի գալ, պայքարիլ՝ «իմացեալ մահ»ուան երթալու վճռականութեամբ… այս բոլորը եւ շատ աւելին՝ Վարդանանց խորհուրդին մաս կը կազմեն եւ կ՛ամբողջացնեն բարոյական յաղթանակի հասկացողութիւնը:
Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, ցեղային կամ այլ յատկանիշներով առանձնացուած հաւաքականութիւնները, իրենցմէ գերակշիռ ուժերու բռնութեանց դէմ միեւնոյն ընտրանքը կատարելու պարտադրանքը կը դիմագրաւեն. ենթարկուիլ, համակերպիլ՝ կրելով այդ վիճակէն բխած բոլոր նսեմացումները, կամ ընդդիմանալ, պայքարիլ, կռուիլ՝ մահը աչք առնելով: Բարոյական յաղթանակի մասին կարելի է խօսիլ, անշուշտ, երբ մարտնչումի իբրեւ հետեւանք՝ հակառակորդը կը մղուի զիջումի: Վարդանանքի պարագային, հետեւանքներու գնահատումը մեզ թոյլ տուած է յաղթանակի մասին խօսիլ, որովհետեւ Վարդանի ու իր զինակիցներու նահատակութեամբ կարելի եղաւ մեր խղճի ու հաւատքի ազատութիւնը ապահովել ու մեր ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման սիւները ամրապնդել:
Իբրեւ գերակշիռ ուժերու դէմ շարունակ կանգնելու դատապարտուած ժողովուրդ, մեր պարագային՝ պատերազմի դաշտերու վրայ յաղթանակներ տանելու ինքնավստահութեան պակասը մեզ առաւել հակամէտ դարձուցած է միշտ բարոյապէս գերակայութիւն պահպանելու միջոցներ փնտռելու, այլ ոչ թէ՝ մեր թիւի ու միջոցներու սահմանափակումը նկատի առնող բայց եւ յաղթանակի յոյսեր ներշնչող ռազմավարութեան մը մշակումը հետապնդելու:
Վարդանանքի եւ նոյնօրինակ մղուած բազում ճակատամարտերու բարոյական յաղթանակները մեզ դարերով պահեցին, մինչեւ որ հասանք Սարդարապատեան զանգակներու կանչին, մինչեւ որ հնչեց Ղարաբաղեան ազատագրութեան շեփորը, եւ այլեւս, մեր ազգի ոչ թէ գոյատեւման, այլ գերիշխան կեանքի, զարգացման ու բարգաւաճման ռազմավարութիւնն է մեր ուղեգիծը: