ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի եւ Պելոռուսի Ազգային ժողովներու միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի պելոռուսական կողմի պատուիրակութիւնը Փետրուար 14ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ ու ծաղկեպսակ զետեղած է 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին դիմաց ու անմար կրակին շուրջ:
Պատուիրակութիւնը գլխաւորած են յանձնաժողովի համանախագահ, Պելոռուսի Ազգային ժողովի Ներկայացուցիչներու տան փոխնախագահ Վիքթոր Կումինսքի եւ երկու երկիրներու Ազգային ժողովներու համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի համանախագահ, Հայաստանի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեան:
Բարձրաստիճան հիւրերը այցելած են նաեւ ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ ու ծանօթացած Հայոց Մեծ Եղեռնը հաստատող վաւերագիրներուն եւ փաստաթուղթերուն:
Պելոռուսի խորհրդարանին ներկայացուցիչներու տան փոխնախագահը հետեւեալը արձանագրած է պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
«Ծանր է խօսիլ այս փաստին մասին, անիկա կը յիշեցնէ Հայրենական մեծ պատերազմի տարիները, երբ Պելոռուսի մէջ զոհուեցաւ երեք միլիոն մարդ: Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն հայ մարդոց, որոնք որոշեցին կառուցել այս յուշակոթողը, որպէսզի յաւերժանայ 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ զոհուած հայերուն յիշատակը: Նմանօրինակ յուշակոթող կայ Պելոռուսի Խատինի մէջ: Պէտք է յիշողութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցել, որպէսզի նման ողբերգութիւններ չկրկնուին», իր տպաւորութիւնները ամփոփելով գրած է Վիքթոր Կումինսքին:
Անդրադառնալով Պելոռուսի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին՝ ան դիտել տուած է, որ պիտի գայ ժամանակը, եւ իրենք ալ պիտի անդրադառնան այդ հարցին: «Բայց անիկա շատ լուրջ է, անոր պէտք է մօտենալ հաւասարակշռուած կերպով եւ տալ մեր երկրին արժանի որոշում», նշած է ան: