ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Պոլսոյ դատախազութիւնը Չորեքշաբթի, Փետրուար 15ին պահանջեց Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի նախկին պետ զօր. Իլքեր Պաշպուղը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտել՝ «ահաբեկչական կազմակերպութիւն հիմնելու կամ ղեկավարելու, եւ ուժի միջոցով Թուրքիոյ հանրապետութեան կառավարութիւնը տապալելու ծրագիրներ մշակելու» յանցանքով: Պաշպուղ կը հերքէ ամբաստանութիւնները՝ զանոնք «ողբերգական երգիծանք» համարելով: Զօր. Պաշպուղ Յունուար 6ին ձերբակալուած էր եւ մինչ օրս բանտարկուած կը մնայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.