
ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Փետրուար 9ին բողոքի նամակ մը յղած էր Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան՝ դատապարտելով կուսակցութեան Յառաջդիմական համախմբումը, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք մը՝ Չենք Իւղուրը, հրաւիրած էր ելոյթ ունենալու կուսակցութեան համագումարին ընթացքին: Նման բողոքագիր մը յղած էր նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութիւնը: Համագումարը տեղի ունեցաւ անցած շաբաթավերջին, Սան Տիէկոյի մէջ:
Այս բողոքներուն հիման վրայ, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին մէջ 50րդ ընտրատարածքի (Սանթա Մոնիքա) ներկայացուցիչ Թորի Օզպըրն որոշեց չմասնակցիլ Իւղուրի մասնակցութեամբ կայանալիք քննարկումին՝ յաւելեալ ճնշում բանեցնելով Յառաջդիմական համախմբումին վրայ, որ սակայն անզիջող մնաց իր որոշումին վրայ՝ միաժամանակ շեշտելով, թէ նեցուկ կը կանգնի Քոնկրեսին ներկայացուած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերուն:
Համագումարին մասնակից հայ եւ յոյն պատգամաւորներ եւս բողոքներ նեկայացուցին այն իրողութեան համար, որ Իւղուր ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանայ, այլ Ցեղասպանութիւնը իրագործած շարժումին՝ »Երիտասարդ Թուրքեր«ու, անունով կոչած էր իր ձայնասփիւռի ծրագիրը:
Նախքան ձեռնարկը, Իւղուրի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու մասին ըսուած խօսքերը բաժնուեցան մասնակիցներուն: Նախքան իր խօսքը արտասանելը, Իւղուր պնդեց, թէ ինք հայերուն վնաս հասցնելու նպատակ չունի, կամ հայերուն նկատմամբ ատելութիւն չունի՝ իբրեւ փաստ ներկայացնելով այն իրողութիւնը, որ իր ծրագիրի խօսնակներէն մէկը՝ Անա Գասպարեան անունով հայուհի մըն է: Սակայն, ան ուղղակի չանդրադարձաւ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու մասին իր կատարած յայտարարութիւններուն, որուն հետեւանքով՝ ձեռնարկին մասնակցած հայերուն մէկ մասը՝ իբրեւ բողոք, հեռացաւ սրահէն, իսկ մնացեալը, իրենց կռնակները Իւղուրին դարձուցած՝ հետեւեցան անոր արտայայտութիւններուն:
Շարք մը պաշտօնատարներ՝ ներառեալ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Չաք Քալտերոն, Մայք Կաթօ եւ Ճենիս Հան, ցուցարարներուն մօտենալով՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին անոնց: