ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Մօտաւորապէս հազար պատգամաւորներու ներկայութեամբ գումարուած քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համաժողովին վրայ իր դրոշմը ձգեց Մերսինի երեսփոխան Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ։
Քիւրքճիւ, որ կուսակցութեան ու ընդհանրապէս քրտական շրջանակներու ծանր հրետանին կը նկատուի, շատ խիստ ելոյթ մը ունեցաւ վարչապետ Էրտողանի, իշխող կուսակցութեան ու Ֆեթհուլլահ Կիւլենի դէմ՝ ըսելով, որ վարչապետ Էրտողան «իր գլխուն փորձանքը կը փնտռէր ու հիմա գտաւ»։ Քիւրքճիւ այս ամբաստանութիւնները կ՛ընէր քիւրտ կամ քրտամէտ գործիչներու դէմ վերջերս կատարուած հետապնդումներուն ու ձերբակալութիւններուն կապակցութեամբ, որոնք, ըստ իրեն՝ քրտական շարժումը զսպելու ու կասեցնելու նպատակներ կը հետապնդեն։ Այն փորձանքը, զոր կը մատնանշէր ան, երկրին գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մի»չի, ղեկավարներու հարցաքննութեամբ ծնունդ առնող գայթակղութիւնն էր։ Յիշեցնենք, թէ «Մի»չի ղեկավարները հարցաքննութեան կանչուած էին քիւրտերու հետ բանակցելու «յանցանքով»:
Համաժողովի սրահէն ներս ուշագրաւ էին այն վերտառութիւնները, որոնց վրայ գրուած էր հետեւեալը. «Արժանապատիւ կեանք մը ապրելու համար՝ կա՛մ ազատութիւն, կա՛մ ազատութիւն»։ Առջեւի կարգերը նստած էին կիներ, որոնք հագուած էին իրենց շրջանային տարազները։ Քիւրքճիւի ելոյթը յաճախակի կերպով ընդհատուեցաւ ծափահարութիւններով։ Քիւրքճիւ ըսաւ. «Ձերբակալութիւնները կը շարունակուին իրենց ամբողջ սաստկութեամբ։ Ասիկա քաղաքական ոչնչացումի գործողութիւն է։ Յայտնի էր, որ այս քաղաքականութիւնը պիտի իյնար ճախճախուտի մէջ, որովհետեւ անիկա նկատի չէր առներ պատմութեան գնացքը, հաւաքականութեան կարիքները եւ Թուրքիոյ մէջ ազատութիւն պահանջողները։ «Մի»չի տագնապը, որ այսօր կառավարութեան մօտ ստեղծուեցաւ, իրականութեան մէջ փորձանքն էր այն իշխանութիւններուն, որոնք քրտական հարցին մէջ համաձայնութիւն չընտրեցին, այլ ընտրեցին դիմադրութիւնն ու սաստկութիւնը»։
Քիւրքճիւ յարձակեցաւ նաեւ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի վրայ ու ըսաւ. «Իբրեւ թէ Էրտողան լաւ բաներ ընել կ՛ուզէ, բայց Կիւլենն ու անոր համայնքը արգելք կը հանդիսանան։ Ասկէ աւելի մեծ սուտ մը չկայ, որովհետեւ Կիւլենն ու պետութիւնը նոյն բաներն են։ Քիւրտ ժողովուրդը կը դիմադրէ, կիները կը դիմադրեն, աշխատաւորները կը դիմադրեն եւ այս կռիւը պիտի շարունակուի։ Էրտողան ու իր կուսակցութիւնը հիմա մէկ նպատակ կը հետապնդեն՝ 2014ին Էրտողանը նախագահ ընտրել՝ զայն Թուրքիոյ սուլթանը դարձնելով, իսկ այդ ճամբուն վրայ ալ՝ մէջտեղէն վերցնել քիւրտ ժողովուրդը։ Ձերբակալութեանց նպատակը այս է»։
Յայտնենք, թէ Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը արտօնեց, որ հետաքննութիւն սկսի Պոլսոյ այն դատախազին դէմ, որ հարցաքննութեան կանչած էր «Մի»չի ներկայ եւ նախկին պետեր, ինչ որ Քիւրքճիւի նախատեսութեան իրականացման առաջին քայլը կրնայ ըլլալ:
Նաեւ, քրտամէտ կուսակցութեան պատգամաւորները որոշած են Փետրուար 20էն սկսեալ երկօրեայ հացադուլի դիմել՝ դատապարտելու համար աւելի քան 3500 քրտամէտ գործիչներու ձերբակալութիւնը: