
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան եւ «Սթեֆանիզ» արուեստի պատկերասրահին, Հինգշաբթի, Փետրուար 23ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 E. Harvard St, Glendale CA 91205) տեղի պիտի ունենայ «Եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութեան մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը՝ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ, Հայաստանի հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչ, արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի կողմէ:
Շահէն Խաչատրեան իր կրթութիւնը ստացած է Փեթրզպուրկի գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ՝ աւարտելով որպէս արուեստաբան: Երեւանի մէջ եղած է Մարտիրոս Սարեանի նորաստեղծ թանգարանի տնօրէն. միաժամանակ, 1990 թուականին ան նշանակուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն: Իր գործունէութիւնը, բացի արուեստագիտական տասնեակ աշխատութիւններէ, եղած է նուիրում նկարահաւաքման, որով կրցած է Երեւանի թանգարանին համար 400 գեղանկարչական գործեր ձեռք բերել, ինչպէս՝ Յ. Այվազովսկու նշանաւոր ինը գործերը, Մ. Սարեանի 70 գործերը եւ տասնեակ այլ գեղանկարներ: Շահէն Խաչատրեան ուսումնասիրական բազմաթիւ յօդուածներով եւ պատկերասփիւռային ելոյթներով ներկայացուցած է հայ գեղարուեստի պատմութիւնը: Անոր մենագրութիւնը՝ Այվազովսքիի մասին, արժանացած է առաջին կարգի շքանշանի, Մոսկուայի մէջ:
Հայոց Մեծ Եղեռնի 95ամեակին նուիրուած է անոր «Ծովի Գոյն» հատորը, ուր ներկայացուած են այն հայ գեղանկարիչները, որոնք հանդէս եկած են Ցեղասպանութեան նիւթերով: Սկսեալ 1895 թուականի կոտորածներէն՝ չորս սերունդի հայ գեղանկարիչներ ներառուած են հատորին մէջ:
Դասախօսութեան ընթացքին ան պիտի ներկայացնէ նաեւ նոր յայտնաբերուած գեղանկարներ՝ պատշաճ մեկնաբանութեամբ:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ պիտի ունենայ «Երկնային Տաղեր» համոյթը՝ սրինգահար Սալբիի եւ քնարահար Սօսիի կատարողութեամբ:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: