
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնիա.ազ».- «Խոջալուի ցեղասպանութեան» առնչութեամբ ցուցմունք առնուած է շուրջ երեք հազար հոգիէ՝ որպէս վկաներ եւ տուժողներ. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի զինուորական դատախազ Խանլար Վելիեւ: Ըստ անոր, հաստատուած է, թէ 39 հոգիի կողմէ իրականացած է «Խոջալուի ցեղասպանութիւնը», որոնցմէ 18ն 366րդ գունդի նախկին զինծառայողներ են, 8ը՝ Խանքենտիի (Ստեփանակերտ) եւ Ասկերանի ներքին գործոց ստորաբաժանումներու աշխատակիցներ, 5ը՝ պաշտօնատար այլ անձեր եւ մնացեալ 8ը՝ քաղաքացիներ:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ, իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան կողմէ Աթաթիւրքի անուան կեդրոնին մէջ կազմակերպուած քննարկման մը ընթացքին Չորեքշաբթի, Փետրուար 22ին յայտարարեց, թէ Թուրքիա Պաքուի հետ միասին կ՛ողբայ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» զոհերը՝ միաժամանակ դրուատելով Ատրպէյճանը, որ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Թուրքիոյ, Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ձախողութիւնը ապահովելու աշխատանքին մէջ:
Իր կարգին, Ատրպէյճան-Թուրքիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի ատրպէյճանցի անդամներէն Ազայ Կուլիեւ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» ճանաչումը «արժանի հակադարձութիւն մը պիտի ըլլայ» Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին:
Նաեւ, Թեքսասի նահանգային խորհրդարանը որդեգրած է ներկայացուցիչ Մարք Շելթընի կողմէ պատրաստուած այն բանաձեւը, որ կը վերաբերի Խոջալուի միջադէպի 20ամեակին:
Ըստ բանաձեւին՝ «Փետրուար 26 2012ը ամբողջ աշխարհի տարածքին ատրպէյճանցիներու համար յիշատակի օր մըն է: æարդը տեղեկագրուած էր ամերիկեան գլխաւոր հրատարակութիւններու կողմէ եւ նկարագրուած է «Մարդկային իրաւանց դէտ/Հելսինքի» կազմակերպութեան կողմէ»:
Ատրպեճանական սփիւռքի կազմակերպութիւնները ողջունեցին նշեալ բանաձեւը, որ Թեքսասի նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ իր տեսակին մէջ երկրորդ որոշումն է: Առաջին որոշումը որդեգրուած էր Մարտ 3, 2011ին:
Վերջապէս, Փետրուար 24ին, Սարայեւոյի մէջ (Պոսնիա) տեղի պիտի ունենայ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի մը բացումը, որուն պիտի մասնակցի Հայտար Ալիեւի անուան հիմնադրամի փոխնախագահ, «Արդարութիւն Խոջալուի» արշաւին նախաձեռնող Լէյլա Ալիեւան: «Արդարութիւն Խոջալուի»ի նախաձեռնութեամբ, աշխարհի 35 երկիրներու մէջ տեղի պիտի ունենան աւելի քան 50 միջոցառումներ: