
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսահայ գեղաձայն երգչուհի Սիպիլը, որ վերջին մէկ տարուան մէջ անօրինակ հռչակ ապահովեց «Սիպիլ» կոչուած իր անդրանիկ ձայնապնակով եւ որուն համբաւը տարածուեցաւ ամբողջ հայաշխարհէն ներս, առաջնութեան մրցանակի արժանի նկատուեցաւ Մոսկուայի մէջ «Արմէնիա» երաժշտական 7րդ մրցանքին կողմէ։ Սիպիլ Մոսկուա հրաւիրուեցաւ, որպէսզի ներկայ գտնուի մրցանակաբաշխութեան հանդէսին եւ անձամբ ստանայ իր պարգեւը։ Մրցանակաբաշխութեան հանդէսը պիտի կայանայ Ապրիլ 7ին, Մոսկուայի «Ռուսիա» թատերասրահին մէջ եւ հանդիսութիւնը պիտի հաղորդուի նաեւ Հայաստանի «Հ-1» հեռատեսիլի կայանէն։ Այս մրցումը կը կազմակերպուի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մշակութային նախարարութեանց, Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան եւ Հայաստանի «Հ-1» հեռատեսիլի կայանին կողմէ, «Արմէնիա Փրոտաքշըն» կազմակերպութեան միջնորդութեամբ։
Սիպիլ «Կախարդական ձայն» ճիւղին մէջ կրցած է ստանալ 13,000 քուէարկողներէն 9317 հոգիին քուէն:
Սիպիլ, որ արդէն կը պատրաստուէր Մարտ 24ին ու 31ին Լոս Անճելըսի ու Նիւ Եորքի մէջ երկու համերգներու, այժմ նաեւ Մոսկուա պիտի այցելէ: