
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Այս տարի, Վարդանանց միջեկեղեցական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆաուլըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցիին մէջ, Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին: Ֆաուլըրը, ֆրեզնոյի արուարձաններուն մօտ փոքր գիւղաքաղաք մըն է, որ կը գտնուի դէպի հարաւ ընթացող 99 ազատուղիին ձախ կողմը, Մերսետ ելքին վրայ, իսկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ 3րդ պողոտային վրայ: Ըստ հոգեւոր հովիւ Եղիա քահանայ Հայրապետեանի, Ֆաուլըրը ունի 150 տուն ծուխ, իսկ եկեղեցի կը յաճախեն նաեւ Քլովիսէն, Վասիլիայէն եւ Տանուպայէն հաւատացեալներ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ունի Կիրակնօրեայ դպրոց, եւ կը քննուի եկող տարի նաեւ Շաբաթօրեայ դպրոց սկսելու կարելիութիւնը, նոր սերունդին ծանօթացնելու համար Մեսրոպեան տառերը: Եկեղեցւոյ կողքին կայ «Մարգարեան» սրահը, ուր տեղի կ՛ունենան հաւաքներ եւ տօնակատարութիւններ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին Էջմիածնական թեմին կը պատկանի. Ֆրեզնոյի եւ շրջակայ գիւղաքաղաքներուն մէջ կը գործեն Էջմիածինի թեմին պատկանող հետեւեալ եկեղեցիները՝ Ս. Պօղոս, Եդեմ եւ Սահակ Մեսրոպ, իսկ Կիլիկիոյ թեմին՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին: Բողոքական հայ համայնքը ունի իր եկեղեցիներն ու Կիրակնօրեայ վարժարանները:
Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կանգառը, ժամը 6ին, ինքնաշարժներով եւ հաւատացեալներով կը յորդէր: Ֆաուլըրէն եւ մերձակայ գիւղաքաղաքներէն հաւատացեալներ խուռներամ եկած էին Ս. պատարագին ներկայ գտնուելու եւ Վարդանանց հերոսներուն յիշատակով պահ մը ապրելու, այս օտար ափերուն վրայ:

Առաջին անգամն էր, որ այս կողմերը կ՛այցելէի, անծանօթ էի վայրին, սակայն հետեւելով հաւատացեալներուն՝ ինքզինքս գտայ եկեղեցւոյ դրան սեմին: Խաչակնքելով եկեղեցի մտայ, պատարագը արդէն սկսած էր, չորս կողմս երիտասարդ, ծեր, մայրեր ու հայրեր, ձեռամբարձ իրենց սրտի խօսքը կը խառնէին պատարագիչ հօր, դպրաց դասի աղօթքներուն եւ բուրվառէն քուլայ-քուլայ բարձրացող խունկի ծուէններուն հետ, դէպի երկինք կը բարձրանային: Վստահ ներկայ էին նաեւ ծանօթներ, սակայն այս անծանօթները, հոգեպէս ծանօթներ էին ինծի, որովհետեւ անոնք, ինծի պէս, իրենց սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ Վարդաններու ոգին կը կրէին եւ այս երեկոյ եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը տալու եւ վերանորոգուելու օրուան խորհուրդով: Ինչ քաղցր հեշտանք է կողքիդ ունենալ այսպիսի անծանօթ դէմքեր, որոնց հոգիներէն բարձրացող մրմուջներով կը հարազատանան, կը դառնան հարազատ քոյր ու եղբայր՝ երկարելով Վարդաններու ոսկիէ մանեակը:
Գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր էր պահը: Հակառակ, որ գործի օր էր Ամերիկայի տարածքին, հոն ներկայ էին հայ ժողովուրդը, շրջանի հոգեւորական դասը, որոնք խորանին քով բազմած՝ երկիւղածութեամբ կը հետեւէին պատարագի արարողութեան՝ պահ մը յիշեցնելով Աւարայրի դաշտը՝ Տղմուտի ափին, Ղեւոնդ Երէց, Յովսէփ կաթողիկոս, Վարդան եւ իր հերոս զինուորները: Իրարու կը յաջորդէին պատարագի երգերը: Կը հնչէին «Տէրունական» աղօթքը՝ «Հայր Մեր»ը, ապա «Տէր Ողորմեա՛»ն: Հաւատացեալները կը դիմեն խորան՝ Ս. հաղորդութիւն ստանալու: Պատարագիչն էր Ֆաուլըրի հոգեւոր հովիւ Եղիա քահանայ Հայրապետեանը, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կը կատարէր եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, վերապատուելի Արա Կէօքէզեան, անգլերէն լեզուով իր պատգամը փոխանցեց, իսկ հայերէնով՝ Վահան քահանայ Կոստանեանը «Վասն Քրիստոսի եւ վասն հայրենեաց» պատգամով յորդորեց ներկաները, որպէսզի Վարդաններու ոգիով պայքարը շարունակենք աներեւոթ Յազկերտներու դէմ, որպէսզի պահենք ու պաշտպանենք մեր հաւատքն ու ազգութիւնը: «Սիրելիներ, Աստուած մեզի հետ է, որովհետեւ մենք հաւատքով քալած ենք պատմութեան մեծ ճանապարհէն», ըսաւ ան:
Պատարագէն ետք ժողովուրդը համախմբուեցաւ «Մարգարեան» սրահ, ուր Չարլի Քէյեան Համագաղութային վարժարանի աշակերտներուն կողմէ գործադրուեցաւ Վարդանանց նուիրուած յայտագիր մը՝ երգերով եւ արտասանութիւններով: Ներկաները հիւրասիրուեցան «Վարդանանց ասպետներ»ու Եփրատ դահլիճին կողմէ սուրճով եւ անուշեղէններով: