ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երկուշաբթի, 27 Փետրուարին, Ազգային ժողովի մէջ թէժ քննարկման առարկայ դարձաւ ատրպեճանական քարոզչական մեքենային կողմէ միջազգային կառոյցներու եւ ընդհանրապէս՝ արտաքին աշխարհի մէջ վերջին շրջանին թափ ստացած աշխատանքները եւ անոնց մեր կողմէն անհամարժէք պատասխան տալու խնդիրը: Մասնաւորապէս, այս խնդիրին առնչութեամբ հարցադրումներով հանդէս եկաւ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի դաշնակցական նախագահ Արմէն Ռուստամեան:
Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց Հայաստանի Ազգային ժողովի մակարդակով ԼՂՀ մասին յայտարարութիւն ընդունելու անհրաժեշտութիւնը:
«Եթէ հակամարտութեան էութիւնը նենգափոխելու ատրպեճանական քարոզչութեան դէմը չենք առնում պետական մակարդակով, մենք նպաստելու ենք, որ այդ գործընթացն անընդհատ մեր «դրան դէմը չոքի» եւ իրականացուեն քայլեր, որոնց ետեւից յետոյ ստիպուած ենք գնալու եւ հակադարձելու», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: