
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մաշտոցի այգիին մէջ 17 օրէ ի վեր կը շարունակուի բնապահպաններու պայքարը, հակառակ անոր որ շինարարութիւնը դադրեցուած է, բայց տակաւին պաշտօնական փաստաթուղթ գոյութիւն չունի:
Բնապահպան գործիչները ամէն օր այգիին մէջ ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, կը շարունակեն ստորագրահաւաքները այգիի պաշտպանութեան համար: Փետրուար 27ին լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին անոնք նշեցին, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին ստորագրահաւաքին միացած են 2500 քաղաքացիներ:
Օրական դրութեամբ Մաշտոցի պուրակին համար պայքարողներուն կը միանան քաղաքացիներ եւ մտաւորականներ՝ տարբեր մարզերէ:
«Մաշտոցի այգում այսօր նոր քաղաքացու տեսակ է զարգանում, որն առանց ֆինանասաւորման պայքարում է այգու համար: Մենք բոլորս միաւորուել ենք մի գաղափարի շուրջ եւ պայքարելու ենք մինչեւ վերջ», ըսաւ գործիչ Ռուզաննա Գրիգորեան, ըստ որուն- Մարտ 2ին Մաշտոցի պուրակին մէջ կը նախատեսուի մեծ հանրահաւաք կայացնել՝ քննարկելու համար երկրի բնապահպանական խնդիրները: