
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մուհամատ Շաար Երկուշաբթի, Փետրուար 27ին յայտարարեց, որ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէի մասնակցութեան համեմատութիւնը 57.4 առ հարիւր եղած է, իսկ քուէարկողներուն 89.4 առ հարիւրը, այսինքն՝ 7,490,319 քուէարկող, սահմանադրական բարեփոխումներուն ի նպաստ քուէարկած է: Նոր Սահմանադրութեան դէմ քուէարկած են քուէարկողներու 9 առ հարիւրը, իսկ մնացեալ քուէները չեղեալ նկատուած են:
Ընդդիմութիւնը կոչ ուղղած էր հանրաքուէն պոյքոթի ենթարկելու, եւ նախագահ Պաշշար Ասատի անյապաղ հրաժարականը պահանջած էր։
Կիրակի օր տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին իր քուէն գործածելէ ետք, Ասատ լրագրողներուն յայտնեց, որ Սուրիա «տեղեկատուական յարձակումի» կ՛ենթարկուի, սակայն տեղեկատուութեան մարզը, հակառակ իր ուժին եւ կարեւորութեան, չի կրնար իրողութիւններուն յաղթել: Ան ըսաւ, որ նոր սահմանադրութեան շնորհիւ, երկիրը մուտք պիտի գործէ քաղաքական բազմակուսակցական հանգրուան՝ աւելի եւս հզօրանալով:
Սակայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ «խեղկատակութիւն» նկատեց հանրաքուէն, իսկ Քաթար դարձեալ յայտարարեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է սուրիական ընդդիմութիւնը զինէ:
Միւս կողմէ՝ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ ՄըքՖոլ ըսաւ, որ Սուրիոյ Հոմս քաղաքը մարդասիրական աղէտի եզրին կանգնած է, եւ Մոսկուայի կոչ ուղղեց՝ Դամասկոսի վրայ ճնշում բանեցնելու։
Իր կարգին, Իսրայէլի տեղեկահաւաքի նախարար Տան Մերիտոր իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Ասատի վարչակարգին տապալումը պիտի քանդէ Իրանի հետ «առանցքը», ինչ որ Իսրայէլի համար լաւ պիտի ըլլայ, սակայն յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին դէմ զինուորական որեւէ միջամտութիւն կը մերժէ։
Մերիտոր նաեւ քննադատեց Ռուսիոյ կեցուածքը՝ պնդելով, որ Մոսկուան Իրան-Սուրիա-«Հըզպալլա» առանցքին պաշտպանն է:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են՝ ներառեալ զինուորական միջամտութիւնը: Մինչ այդ, բրիտանական «Թայմզ» թերթը, վկայակոչելով գաղտնի սպասարկութեան աղբիւրներ՝ հաղորդեց, որ Չինաստանէն, Իրանէն եւ այլ վայրերէ զինուորական կազմածներ Թուրքիոյ ճամբով Սուրիա կը հասնին, հակառակ Դամասկոսի դէմ Անգարայի որդեգրած «խիստ կեցուածքին»։
Եւրոպական Միութիւնը Երկուշաբթի օր Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան եւ օդանաւային ապրանքատարութեան դէմ պատժամիջոցներ որդեգրեց, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը ճանչցաւ իբրեւ Սուրիոյ ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչ։
Նաեւ, Հոմսի մէջ ծառայող զինուոր մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ին յայտնած է, որ սուրիական բանակը ըմբոստներուն դէմ իր ուժին միայն 20 առ հարիւրը օգտագործած է՝ նշելով, որ «Ասատի վարչակարգը տակաւին յեղափոխութիւնը ճզմել չէ որոշած», նշելով, որ այդպիսի գործողութիւն մը առնուազն 100 հազար զոհ պիտի պատճառէ։ Սուրիական բանակի ամէնէն ուժեղ զօրամասերը զրահապատ 4րդ զօրաբաժինն ու նախագահական պահակագունդն է, որուն անդամները ալաուի համայնքէն են, եւ այդ ուժերը տակաւին Դամասկոսի մէջ տեղակայուած են, իսկ Հոմսի մէջ ըմբոստներուն դէմ կռուող ուժերը մեծամասնութեամբ սիւննիներէ կազմուած են։
Վերջապէս, հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի կառավարութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակէն դասալիք եղած 30 քիւրտ զինուորներ քրտական շրջան հասած են եւ անոնց ապաստանեալի կարգավիճակ տրուած է։