ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեքշաբթի երեկոյեան խմբագրատուն այցելեց Արցախի Դաշնակցական կառոյցի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:
Դաւիթ Լոս Անճելըս ժամանած էր մէկ օր առաջ, յառաջիկայ Շաբաթ, Մարտ 3ին, Կլենտէյլ Քոլեճի մէջ տեղի ունենալիք «Արցախ. ազատագրութենէն պետականութիւն» խորագիրով խորհրդաժողովին մասնակցելու համար:
Արցախեան ազատամարտի մասնակիցներէն՝ հիմա արդէն հասուն քաղաքական-հասարակական գործիչ Իշխանեան (ծնած 1968ին), աւարտած է Ստեփանակերտի մանկավարժական համալսարանի պատմա-իրաւագիտական բաժինը:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան բազմաթիւ անդամներ ջերմագոյն զգացումներ կը տածեն այս գործիչին հանդէպ, որ տարիներով իր սիրելի Աշան գիւղին մէջ համագործակցած է անոնց հետ՝ աջակցելով ամառնային բանակում-ճամբարներու կազմակերպման եւ գործադրման աշխատանքին:
Դաւիթ պատիւը ունի ազատամարտի օրերուն ընտրուած Արցախի առաջին խորհրդարանի անդամը եղած ըլլալուն (1991-1995): Պատգամաւորական ծառայութիւնը աւարտելով՝ վերադարձած է Աշան, ուր հինգ տարի վարած է տեղւոյն դպրոցի տնօրէնութիւնը: Այս դպրոցի նորոգութեան եւ ընդարձակման գործը հովանաւորած է Լոս Անճելըսէն Անիթա Յովսէփեանի ծնողները՝ տարաբախտ աղջնակին յիշատակին: Դաւիթ յաջորդ հինգ տարիներուն ընտրուած է Աշանի գիւղապետ, իսկ 2007 թուականէն ի վեր, ընտրուած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ու դարձած այդ մարմինին ներկայացուցիչը:
Շաբաթ օր Դաւիթ պիտի զեկուցէ «Արցախի անկախութիւնը՝ անշրջելի ճանապարհ» վերնագիրը կրող նիստին:
«Ասպարէզ»ի խմբագրատան մէջ իրեն հետ ունեցած մեր զրոյցը կեդրոնացաւ Արցախի քաղաքական-հասարակական կեանքի վերջին զարգացումներուն եւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն առնչուող խնդիրներու վրայ: Արցախի ներքին-քաղաքական համախոհութիւնը, որ գրեթէ մշտական յատկանիշը եղած է մեր երկրորդ պետութեան, կը պարտինք Դաւիթի նման գործիչներու, որոնք ամէն օր պատերազմի վտանգը դիմագրաւող իրենց երկրին համար կը փորձեն ապահովել կայուն ու ամուր ներքին ճակատ:
Դաւիթի համար ամէնէն կարեւոր խնդիրը Արցախի ու ընդհանրապէս համայն հայ ազգի միտքին մէջ ամրապնդումն է սահմանադրութեամբ ճշդուած Արցախեան տարածքներու՝ անվերադարձօրէն հայապատկան պահելու գաղափարին: Դաւիթ ու ՀՅԴ Արցախեան կառոյցը իրենց կարելին կ՛ընեն, որ Արցախի իշխանութիւնները ազատագրուած բոլոր տարածքներու համակողմանի զարգացման ծրագիր մշակեն ու գործադրեն, որպէսզի մեր ազգին մօտ ջարդուի այդ հողերը կորսնցնելու դոյզն իսկ մտավախութիւնը:
Մեր զրոյցը պիտի շարունակուի Շաբաթ օր, Կլենտէյլ Քոլեճի մէջ: