ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վարժարանին կողմէ հաստատուած տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի աւարտական կարգի՝ 8րդ դասարանի, աշակերտները Ուրբաթ, Փետրուար 24ի առաւօտուն այցելեցին Ազգ. առաջնորդարան, ունեցան աղօթքի պահ մը, Ս. հաղորդութիւն ստացան ու պատգամներով տոգորուած՝ վերադարձան դպրոց։
Աւանդական այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ աշակերտներուն Հայաստան ուխտագնացութեան պատրաստութեան, հետեւաբար, ինքնին ուխտաւորութիւն է։
Իրենց ուսուցիչներուն ու ծնողներուն ընկերակցութեամբ, աշակերտները Ազգ. առաջնորդարան հասան առաւօտեան ժամը 9ին եւ հիւրընկալուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդին կողքին էին առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան։ Աշակերտներուն կ՛ընկերանային վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան, փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեան, նաեւ ուսուցիչներ եւ ծնողներ։
Առաջին հերթին, հիւրերը համախմբուեցան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը: Առաջնորդը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ու նկատի ունենալով, որ կը գտնուին Մեծ պահոց շրջանին մէջ՝ հոգեւոր հայրերը երգեցին «Յարեւելից» շարականը։ Այնուհետեւ, աշակերտները Ս. հաղորդութիւն ստացան սրբազանին ձեռամբ։
Նախաճաշի պահէ մը ետք, աշակերտներ ու դաստիարակներ լուսանկարուեցան հոգեւոր հայրերուն հետ, ապա ուղղուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
Աշակերտական խորհուրդի նախագահ Թալիշ Պապայեան երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց առաջնորդին՝ վարժարանին հանդէպ իր հոգածու վերաբերմունքին համար, ապա վարեց աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը։
Խմբային արտասանութիւններով, երգերով ու նուագով՝ աշակերտները գեղեցիկ պաստառ մը ներկայացուցին՝ ցոյց տալով թէ մեր վարժարաններուն մէջ հայակերտումի վսեմ աշխատանքը ինչպիսի՛ արտայայտութիւններով տեղի կ՛ունենայ։ Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնը, դաշնակի վրայ նուագով մը։
Տնօրէն Վ. Մատէնլեան, հակիրճ խօսք մը արտասանելով՝ նշեց, որ վարժարանը աշխարհագրականօրէն ու հոգեպէս մօտիկ է Ազգ. առաջնորդարանին, կը վայելէ ազգային այս հաստատութեան գուրգուրանքը։ Ան վեր առաւ աշակերտներուն Հայաստան ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ինք եւս այս տարի պիտի ընկերանայ աշակերտներուն։ Ան այս ծիրին մէջ կանգ առաւ մեր եկեղեցւոյ Ս. հաղորդութեան իմաստին ու կարեւորութեան վրայ, իսկ իբրեւ առաջնորդարանին ու առաջնորդին հանդէպ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, յանուն բոլորին՝ սրբազանին յանձնեց յուշանուէր մը, որուն մէջ արտայայտութիւն գտած էր 2012 տարին «Հայ Գիրքի Տարի» հռչակելու Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը։
Հանդիպման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբբազանը։ Ան նկատել տուաւ, որ աշակերտները, գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին արտասանած էին Վ. Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» բանաստեղծութիւնը, շեշտեց, որ Վարդանի ոգին մինչեւ այսօր ալ կ՛ապրի մեր ժողովուրդին մէջ, մեր աշակերտներո՛ւն մէջ, որոնք ահա կը պատրաստուին ուխտի երթալու դէպի Հայաստան։ Առաջնորդը աշակերտները յորդորեց՝ նշելով, որ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ անոնք հաղորդակից պիտի ըլլան մեր հայրենիքի հողին, պապերու քաջութեանց ու մշակութակերտ ժառանգութեանց, հայութեան ոգին առաւել եւս պիտի արմատանայ անոնց մէջ, ու հոգիով հայօրէն աւելի զօրացած պիտի վերադառնան հայրենիքէն։ Ան նկատել տուաւ, որ այսօրուան այցելութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստան ուխտագնացութեան հոգեկան պատրաստութեան, իսկ ի մտի ունենալով, որ կը գտնուինք Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի շրջանին մէջ՝ աշակերտներուն ու դաստիարակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ այդ տօնի նախապատրաստութեան կարեւորութեան վրայ՝ նշելով, որ պէտք է այս շրջանին կատարենք մեր արարքներուն հաշուեկշիռը, ու ճիգ ընենք, որ բարի գործերը ըլլան աւելի ծանր կշռող։ Վերջապէս, սրբազանը բարձր գնահատեց աշակերտներուն ջանասիրութիւնն ու հայկականութեամբ լիցքաւորուած ըլլալը, որուն պերճախօս արտայայտութիւնն էր ներկայացուած գեղեցիկ յայտագիրը։
«Դուք մեր հարստութիւնն էք. ձեր կարգին, պիտի հարստանաք մեր լեզուին, մշակոյթին ու հայրենական ժառանգութեանց հարստութիւններով, որոնք մեր ազգայի՛ն հարստութիւններն են», շեշտեց առաջնորդը, ու իր խօսքը եզրափակեց գնահատանք արձանագրելով աշակերտներուն, դաստիարակներուն ու ծնողներուն։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ սրահէն մեկնելու պահուն, բոլոր հիւրերը իբրեւ նուէր պիտի ստանան աղօթագիրք մը, ու թելադրեց աշակերտներուն, որ ամէն օր պահ մը տրամադրեն կարդալու այդ աղօթքները։
Յայտագիրը փակուեցաւ երեք աշակերտներու կողմէ «Կիլիկիա» երգին կատարումով ու առաջնորդին «Պահպանի»չով։ Ապա, ծնողները եւս լուսանկարուեցան սրբազանին ու հոգեւոր հայրերուն հետ։