
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պաքուի մէջ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու հետազօտական կեդրոններուն 3րդ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը խոչընդոտէ տարածաշրջանի զարգացման»։
Ան նշած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորումով զբաղող ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրները ներկայացուցած են նոր հիմնարար սկզբունքներ, զորս ատրպեճանական կողմը ընդունած է, սակայն հայկական կողմը՝ ոչ։
«Հակառակ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ջանքերուն, մենք բանակցային հոլովոյթին մէջ բեկում արձանագրել չենք կրնար, եւ ատիկա երբեմն տեղի կ՛ունենայ հայկական կողմի ոչ կառուցողական դիրքորոշման պատճառով, որ կը փորձէ պահպանել ներկայ իրավիճակը եւ չի համաձայնիր ատրպեճանական տարածքներէն զօրքերու հեռացման», յայտարարած է Մամետեարով։