ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Շամլեան» Ազգային վարժարանը ամէն տարի ուղղագրութեան մրցանք մը (Spelling Bee) կը կազմակերպէ, աշակերտներուն մօտ ուղղագրութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը սրելու նպատակով:
Այս տարի մրցանքը տեղի ունեցաւ Փետրուար 29ին, վարժարանի սրահին մէջ, իսկ անոր մասնակցեցան 4էն 6րդ դասարաններուն մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն ընթացքին լաւագոյն արդիւնքները ապահոված 25 աշակերտներ:
Մրցանքին առաջնութիւնը շահեցաւ վեցերորդ դասարանէն Մարին Գասապեանը, իսկ երկրորդ հանդիսացաւ հինգերորդ դասարանէն Էնտրու Քայփէքեան:
Այս արդիւնքին շնորհիւ, Մարտ 28ին, Մարին Գասապեան «Շամլեան» վարժարանը պիտի ներկայացնէ Լոս Անճելըս գաւառի ուղղագրութեան մրցանքին: