
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Տենի Թարխանեանը, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան թեկնածու է եւ զաւակը՝ «Եունիվըրսիթի աֆ Նեվատա, Լաս Վեկաս» (UNLV) համալսարանի պասքեթպոլի նախկին մարզիչ Ճերի Թարխանեանին, պիտի դասախօսէ «Շամլեան» Ազգային վարժարանի ճաշկերոյթ- պարահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 17, 2012ին, Universal Sheraton պանդոկին մէջ: Այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի վարժարանի նոր մարզարանի կառուցման աշխատանքներուն:
Տենի Թարխանեանը մաս կազմած է UNLV համալսարանի պասքեթպոլի խումբին: 1984ին համալսարանը աւարտելէ ետք, «Սան Անթոնիօ Սփիրզ» ակումբին կողմէ հրաւիրուած է սակայն կողովագնդակի ասպարէզը շարունակելու փոխարէն, որոշած է իրաւաբանութիւն ուսանիլ եւ յաճախած է Սան Տիէկոյի համալսարանը: Ան ութ տարիներ իրաւաբանութեամբ զբաղած է:
1995ին, երբ Ճերի Թարխանեանը նշանակուեցաւ Fresno State Bulldogs-ի գլխաւոր մարզիչ, Տենին միացաւ իր հօր եւ եղաւ մարզիչի օգնական:
Յետագային, Տենին Լաս Վեկաս վերադառնալով,հիմնած է Tarkanian Basketball Academy անունով պասքեթպոլի դպրոցը, ուր պատանիներ կը մարզուին:
Մարտ 5, 2012ին Տենի Թարխանեանը յայտարարեց իր թեկնածութիւնը՝ Ներկայացուցիչներու տան անդամութեան, ներկայացնելու համար Նեւատայի քոնկրեսական 4րդ շրջանը: