ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».- Արամ Կարապետեանի գլխաւորած Նոր Ժամանակներ կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Բայց եւ այնպէս, այս որոշումը Կարապետեանի անձնական դիրքորոշումն է, այս հարցը տակաւին պիտի քննարկուի կուսակցութեան վարչութեան կողմէ։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի գլխաւորած Ազգային Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում կուսակցութեան նախագահ Պարոյր Հայրիկեան եւս յայատարարած էին, որ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցին։