
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լոնտոնի մէջ գտնուող Ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը վերջերս հրապարակած է աշխարհի տարբեր պետութիւններու մէջ զինուած ուժերու շարքերուն մէջ տիրող կացութեան վերաբերող իր տարեկան զեկուցումը։ Կեդրոնի փորձագէտներուն համաձայն, հակառակ անոր որ հայկական բանակին վրայ ռուսականին ազդեցութիւնը զգալի է, բայց եւ այնպէս հայ զինուորները ՆԱԹՕի հետ համագործակցութենէն եւս կը փորձեն դասեր քաղել։
Լոնտոնի մէջ գտնուող Ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը վերջերս հրապարակած է աշխարհի տարբեր պետութիւններու մէջ զինուած ուժերու շարքերուն մէջ տիրող կացութեան վերաբերող իր տարեկան զեկուցումը։ Կեդրոնի փորձագէտներուն համաձայն, հակառակ անոր որ հայկական բանակին վրայ ռուսականին ազդեցութիւնը զգալի է, բայց եւ այնպէս հայ զինուորները ՆԱԹՕի հետ համագործակցութենէն եւս կը փորձեն դասեր քաղել։
«2012 թուականին ռազմական հաւասարակշռութիւնը աշխարհին մէջ» խորագիրը կրող այս ծաւալուն փաստաթուղթին մէջ բրիտանացի վերլուծաբանները գնահատականը տուած են նաեւ Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւններու բանակներուն մէջ տիրող վիճակին:
«Հայաստանի զինուած ուժերը՝ Ատրպէյճանի հետ առկայ լարուածութեան պատճառով, հիմնականին մէջ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են երկրի տարածքի պաշտպանութեան վրայ։ Թէեւ հայկական ռազմական տոքթրինը (վարդապետութիւնը) մեծապէս ազդուած է ռուսականէն, բայց եւ այնպէս, երկրի սահմաններէն դուրս իրականացուող ռազմական առաքելութիւնը, որուն ծիրին մէջ Աֆղանիստանի մէջ գտնուող միջազգային մարմիններուն ցուցաբերած աջակցութիւնը, կը նպաստէ հայ զինուորներուն դասեր քաղելու ՆԱԹՕի իրենց գործընկերներէն՝ անոնց հետ համագործակցութեան ճամբով։ 2011ին Հայաստանը աւելցուցած է Աֆղանիստանի մէջ իրականացուող գործողութիւններուն իր մասնակցութեան մակարդակը, իսկ Նոյեմբերի նոր ծրագիր ստորագրած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ», նշած են զեկուցումին հեղինակները՝ յատուկ կերպով անդրադառնալով Հայաստանի մէջ մասնագիտական զինուորականութեան մարդուժի առկայութեան։
«Թէեւ բանակին թիւը կ՛աճի զինուորական ծառայութիւն մատուցողներուն միջոցով, բայց եւ այնպէս, մասնագիտացած զինուորականներուն թիւը զգալի աճ կ՛արձանագրէ բանակին մէջ», նշուած է զեկուցումին մէջ։
Հայաստանի ռազմաօդային ուժերը, ըստ զեկուցումի հեղինակներուն, հիմնականին մէջ թեքնիք հարցերու լուծումով զբաղած են, իսկ երկրի օդային տարածքի պաշտպանութիւնը կը կատարէ Ռուսիոյ ռազմական օդուժը։
Զեկուցումին մէջ տեղ գտած են նաեւ ատրպեճանական բանակին մէջ տիրող կացութեան մասին տուեալներ, որոնց համաձայն, անիկա պէտք է խորհրդային համակարգէն դէպի նոր համակարգ անցում կատարէ։
Թէեւ «ռազմական ծախսերը նաւթային եկամուտներու շնորհիւ կը շարունակեն աճիլ, իսկ ատրպէյճանական բանակը շարք մը նոր սպառազինութիւններ ձեռք բերած է, բայց եւ այնպէս անոնք տակաւին զգալի ազդեցութիւն չեն ունեցած Ատրպէյճանի զինուած ուժերու մարտունակութեան վրայ»։
Անոնք նաեւ նկատել տուած են, որ Ատրպէյճան ռազմական սերտ կապեր ունի Թուրքիոյ հետ, ինչպէս նաեւ նշած են, որ երկրի զինուած ուժերու շարքերուն մէջ բաւական հարցեր գոյութիւն ունին։