ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, 8 Մարտին, ժամը 12։30ին, Լիբանանի մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամմետ Պաալպեքի, կեդրոնատեղիի իր գրասենեակին մէջ, ներկայութեամբ խմբագիրներու ու մամլոյ սենտիքաներու վարչութեանց անդամ Իլիաս Աունի, ընդունեց լիբանանահայ խմբագիր, հրապարակագիր ու գրող Պարոյր Աղպաշեանը, շնորհաւորելու համար անոր նորագոյն գիրքին (արաբերէն լեզուով) հրատարակութիւնը, որ կը ներկայացնէր հրապարակագրական ընտրանի մը։
Մ. Պաալպեքի դրուատեց Պ. Աղպաշեանի հրատարակչական աշխոյժ գործունէութիւնը, մանաւանդ անոր հրապարակագրական բեղուն վաստակը հայ իրականութեան մէջ, որ արժանաւորապէս գնահատուած է Լիբանանի, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, իսկ ներկայ հրատարակութիւնը կու գայ նոր որակ մը տալու անոր լրագրական ասպարէզին։
Սենտիքայի նախագահը, որ գրած էր նաեւ այս գիրքին յառաջաբանը, անգամ մը եւս բարենշելի եւ ողջունելի գտաւ գիրքին մէջ տեղ գտած գրութիւնները, որոնք, ըստ իրեն՝ հայ-արաբական մերձեցումներուն առաւել ամրապնդման կը ծառայեն՝ արաբ ընթերցող հասարակութիւնը եւս տեղեակ պահելով հայ լրագրողին մտածումներէն, վերլուծումներէն ու դիտարկումներէն, ինչ կը վերաբերի հայութեան, արաբականութեան (Լիբանան) եւ ընդհանրապէս արծարծուած հրատապ հարցերուն։
Այս առիթով, Պաալպեքի պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահելու եւ խօսք առնելու գիրքին նուիրուած հրապարակային որեւէ ձեռնարկի մը՝ յաւուր պատշաճի անդրադառնալով ու գնահատելով զայն։
Գիրքին հեղինակը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց այս ընդունելութեան եւ յօժարակամութեան համար՝ խոստանալով իր մտաւորական-հրապարակագրական առաքելութիւնը շարունակել ի նպաստ հայ թէ լիբանանեան լրագրութեան վերելքին։