
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հայութեան ապրած արհաւիրքը, թուրքին անմարդկայնութիւնը, ո՛չ միայն հայերուն, այլ՝ բազմաթիւ ժողովուրդներու նկատմամբ, միշտ եւ տարբեր առիթներով լիբանանեան մակարդակի վրայ լուսարձակի տակ առնուած է լիբանանահայութեան կողմէ: Այս աշխատանքներուն իր մեծ եւ ազդեցիկ նպաստը բերելու կոչուած է Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի «Ցկեանս Նահատակութիւն» շարքին երկրորդ հատորին՝ «Աղբարի՜կ, Ափիկ Մը Ջուր»ին արաբերէն թարգմանութիւնը:
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներուն արհաւիրքն ու անոնց վերապրումը ներկայացնող պատմութիւններ պարփակող այս գիրքը իրականութիւններ կը հրամցնէ ընթերցողին՝ ապրուած կեանքեր, դառնութիւններ եւ անմարդկայնութիւններ:
Հայկական երեսփոխանական խումբի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի առաջարկով եւ նախաձեռնութեամբ, սոյն գիրքը բաժնուեցաւ լիբանանեան խորհրդարանի բոլոր անդամներուն: Տարբեր արձագանգներ կային այն մասին՝ շնորհակալական, յուզումի, զարմանքի, բայց յատկանշական է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ այս առիթով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին ուղղուած նամակը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ.
«Երախտագիտութեամբ եւ գնահատանքով ստացայ ձեր արժէքաւոր նուէրը, որ ցոյց կու տայ ձեր կառչածութիւնը արմատներուն, ինչ որ հարստութիւն եւ քաղաքակրթական, մշակութային ու մարդկայնական այլազանութիւն կ՛աւելցնէ Լիբանանի նկատմամբ ձեր պատկանելիութեան: Գնահատելով ձեր ազնիւ վերաբերումը՝ չեմ կրնար չարժեւորել մանկավարժ, մտաւորական եւ գրագէտ պրն. Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի ճիգերը՝ հրատարակելու «Աղբարի՜կ, Ափիկ Մը Ջուր» հատորը, որ կը ներկայացնէ հայկական պատմական եւ մարդկային փորձառութիւնը եւ զայն կը պահպանէ յաջորդ սերունդներուն համար՝ իբրեւ վկայութիւն «Ցկեանս նահատակութեան»:
«Կը կրկնեմ շնորհակալութիւնս ձեր նախաձեռնութեան եւ ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն»: