ՓԱՐԻԶ.- Շաբաթ, Փետրուար 25ին, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրենկեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի թեմական պատգամաւորական արտահերթ ժողովը, որուն պատճառը կը հանդիսանայ Նիսի կրօնական ընկերակցութեան վարչութեան նախկին անդամներու յարուցած ճգնաժամը Նիսի հայ համայնքէն ներս: Թեմի 52 պատգամաւորներէն ներկայ էր 37ը: Ժողովը սկսաւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի Առաջնորդ Նորուան արք. Զաքարեանի աղօթքով:
Առաջնորդը, անդրադառնալով ժողովի օրակարգին՝ նշեց, որ Նիսի կրօնական ընկերակցութեան վարչութեան նախկին անդամները կը շարունակեն ընդվզիլ եւ յամառօրէն դէմ դնել Ֆրանսայի Հայոց թեմի թեմական կառոյցին: Սրբազան հայրը մանրամասն անդրադարձաւ թեմի ստեղծման օրերէն թեմական կառոյցին հանդէպ Նիսի կրօնական ընկերակցութեան վարչութեան դրսեւորած ապակառուցողական կեցուածքին եւ ինքնագլուխ գործունէութեան: Նշուեցաւ, որ բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն ձեռնարկուած են լուծելու համար սոյն խնդիրը, սակայն, դժբախտաբար, Նիսի վարչութեան անդամներուն ժխտական կեցուածքը եւ ապակառուցողական մօտեցումը թեմական կառոյցին հանդէպ չփոխուեցաւ եւ մնաց նոյնը:
Ժողովի ընթացքին հանդէս եկան նաեւ Թեմական պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Արա Տէյիրմէնճեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճօլօլեան եւ Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Գէորգ Աբգարեան: Վերջիններս հաստատեցին, որ բազմիցս հանդիպումներ ունեցած են Նիսի կրօնական ընկերակցութեան նախկին անդամներուն հետ՝ փորձելով փոխհասկացողութեամբ եւ փոխզիջումներով խնդիրը լուծել, սակայն՝ ապարդիւն. Նիսի նախկին վարչութեան կողմէ խնդիրը լուծելու պատրաստակամութիւն եւ փոխհասկացողութիւն բացարձակապէս չէ դրսեւորուած:
Առաջնորդը ժողովականներուն տեղեկացուց, որ 24 Յունուար 2012 թուակիր գրութեամբ մը դիմած է վեհափառ հայրապետին՝ տեղեկացնելով Նիսի կրօնական ընկերակցութեան վարչութեան նախկին անդամներուն՝ նշեալ հարցին ընդունելի լուծում գտնելու անհնարինութեան մասին: Ապա ներկայացուեցաւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի 26 Յունուարի ժողովին որոշումը, որով խորհուրդը Նիսի կրօնական ընկերակցութիւնը կը զրկէր «Հայ առաքելական եկեղեցի» անուանումէն եւ կը լիազօրէր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Հայոց թեմը՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն, զրկելու համար Նիսի կարծեցեալ կրօնական ընկերակցութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցին ներկայացնելու իրաւունքէն:
Յաւարտ քննարկութեանց, ժողովի ատենապետ Արա Տէյիրմէնճեան քուէարկութեան դրաւ երկու որոշում:
Ա. Հիմք ընդունելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի Յունուար 26, 2012 թուակիր որոշումը՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի թեմական պատգամաւորական Փետրուար 25ի ժողովը քուէարկեց որոշում մը, որով յիշեալ կրօնական ընկերակցութիւնը կը հեռացուի Ֆրանսայի Հայոց թեմէն, հաշուի առնելով, որ անիկա այլեւս չի համապատասխաներ թեմական կառոյցի սկզբունքներուն:
Բ. Թեմական պատգամաւորական ժողովը կը յանձնարարէ Թեմական խորհուրդին՝ պատրաստել գործողութիւններու փաթեթ մը, որով Նիսի նախկին կրօնական ընկերակցութեան պատկանող անշարժ եւ շարժական գոյքը, վարչական եւ իրաւական փաստաթուղթերը եւ բոլոր իրաւասութիւնները պէտք է յանձնուին Նիսի նոր հիմնուած կրօնական ընկերակցութեան: Այս փաթեթը Թեմական պատգամաւորական ժողովին կողմէ պիտի քննուի յաջորդ ժողովին ընթացքին: