ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Լեռնային Ղարաբաղ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Մհեր Ղազարեան, «Փիւնիկ» հինադրամի նախագահ Լեւոն Սարգսեան, ՀՊԱՀի նախագահ Արշալոյս Թարուերդեանը եւ ԵՊՃՇՀի նախագահ Յովհաննէս Թոքմաջեանը:
Նախատեսուած են հանդիպումներ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ: Այցելութեան ընթացքին կը քննարկուին Հայաստան-ԼՂՀ կրթական համագործակցութեան եւ այս ծիրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու առնչուած հարցեր: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ կրթութեան բնագաւառի ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ երկրագործական համալսարանի Շուշիի մասնաճիւղ՝ շինարարութեան ընթացքին ծանօթանալու նպատակով: Պատուիրակութիւնը, որպէս նուիրատուութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի ուսումնական հաստատութիւններուն պիտի տրամադրէ համակարգիչներ, գիրքեր եւ ուսումնական այլ սարքեր։