
– Չորեքշաբթի, Մարտ 21ին, Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ոստիկանութեան յատուկ գործողութիւններու բաժանմունքէն ոստիկաններու եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու միջեւ բախումներուն հետեւանքով սպաննուած են չորս թուրք ոստիկաններ, եւ վիրաւորուած են քանի մը ուրիշներ:
– Տնտեսական ճգնաժամի օրերուն անգործ դարձած սեւամորթ կիներուն թիւը 233,000 է, իսկ ճգնաժամի պաշտօնական աւարտէն ետք պաշտօնազրկուած սեւամորթ կիներուն թիւը՝ 258,000 է: