ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Կլենտէյլի ոստիկանութեան անդամ երեք հայ ոստիկաններ Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանին մէջ դատ բացած են Կլենտէյլի քաղաքապետութեան եւ ոստիկանութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ՝ զանոնք ամբաստանելով հայ ոստիկաններուն դէմ խտրականական մօտեցում ցուցաբերելու, անոնց վրայ անտեղի ճնշում բանեցնելու եւ անոնց բողոքները անտեսելու յանցանքով:
Դատը բացողներն են ոստիկաններ Վահագ Մարտիկեան, Ճան Պալեան եւ Տիգրան Թօփաճիքեան, որոնք կը պնդեն, թէ երկու տարի առաջ նման դատէ մը ետք Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը շարունակած է իր խտրական արարքները:
Նշեալ երեք ոստիկանները, ինչպէս նաեւ Ռապըրթ Բարսեղեան եւ նախկին ոստիկան Պենի Սիմոնզատ, 2010ին դաշնակցային ատեանի մը մէջ բացած էին նախկին դատը:
Անոնք կը պնդեն, թէ հայ ոստիկանները անարգական վերաբերմունքի եւ անտեղի հետաքննութեանց կ՛ենթարկուին ու կը պատժուին: Հայ ոստիկանները նաեւ կը պնդեն, թէ քաղաքին մէջ հայ բնակչութեան համեմատած հայ ոստիկաններուն թիւը շատ քիչ է՝ ոստիկանութեան ղեկավարութեան ցուցաբերած խտրականութեան հետեւանքով: