ԵՐԵՒԱՆ.- Ներքինացուած շուները պէտք է վզակապեր ունենան՝ կարմիր կամ կանաչ։ Բայց եւ այնպէս նման բան տակաւին տեսանելի չէ մայրաքաղաքին մէջ։
Գաղտնիք չէ, որ թափառաշրջիկ շուները գարնան աւելի յարձակողական կը դառնան, յատկապէս՝ բեղմնաւորման շրջանին։ Նման շատ դէպքեր պատահած են, ինչ որ Երեւանի քաղաքապետութեան հիմնական օրակարգերուն վրայ է։
«Փրկենք կենդանիներին» կազմակերպութեան նախագահ Նունէ Մեհրաբեան այս մասին խօսելով նշած է, որ Երեւանի մէջ թափառաշրջիկ շուներուն թիւը բազմացած է եւ անոնք յարձակողական դարձած են։
Պատճառը, ըստ անոր, թափառող շուներու զանգուածային սպանդն է, որ թիւի աճի պատճառ կը դառնայ։ Շուներու առնչուող հարցերով զբաղող «Իւնիկրաֆ իքս» կազմակերպութիւնը, Մեհրաբեանի համաձայն, շուներու վնասազերծման քաղաքակիրթ ձեւերու փոխարէն յաճախ կը գերադասէ զանոնք սպաննել։ Արդարեւ, անոր տարեկան 180 միլիոն դրամ գումար կը տրամադրուի։ Բայց եւ այնպէս կազմակերպութեան փոխտնօրէն Լիլիթ Գրիգորեան նշեց, որ թափառող շուներուն դէմ պայքարի համար կը գործածուին ներքինացման եւ քնացնելու (առանց չարչարելու՝ մեռցնելու-Խմբ.) ձեւերը։
Ան դիտել տուաւ, որ թափառող շուներու հարցով բողոք-հեռախօսազանգերուն թիւը չէ բարձրացած, իսկ բնակիչները գոհ են այս վիճակէն։