ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ռատիոլուր».- 2012ը Արցախի համար ընտրութիւններու տարի է։ Ընտրութիւններուն օրը տակաւին յայտարարուած չէ, հաւանաբար տեղի ունենայ ամրան։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը արդէն սկսած է նախապատրաստական աշխատանքներուն։ 22 Մարտի նիստին ընթացքին վաւերացուած է թեկնածութիւններու առաջադրման յատուկ դիմումնագիրն ու քուէաթերթիկին ձեւը։
Այս ընտրութիւնները նախորդներէն կը տարբերին անով, որ այս անգամ իրենց թեկնածութիւնը կրնան առաջադրել ո՛չ միայն կուսակցութիւնները, այլ նաեւ անհատներ։