
ՊՈԼԻՍ.- Իր Չորեքշաբթի, Մարտ 21ի թիւով, «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կրթական նախարարութիւնը կարեւոր փոփոխութիւն մը ըրաւ փոքրամասնական վարժարաններու կանոնագրութեան մէջ եւ արտօնեց հայկական, յունական ու հրէական վարժարաններուն ընդունիլ տարբեր երկիրներու քաղաքացիութիւն ունեցող հայ, յոյն կամ հրեայ ընտանիքներու զաւակները, նոյնիսկ եթէ անոնց ընտանիքները Թուրքիոյ մէջ բնակութեան իրաւունք չունին:
Մինչեւ այսօր, այս վարժարանները լիազօրուած էին ընդունելու միայն թրքահպատակ աշակերտներ: Այսուհետեւ, Հայաստանի կամ Ֆրանսայի քաղաքացիութիւն ունեցող հայ աշակերտ մը պիտի կարենայ ուսանիլ հայկական վարժարանի մը մէջ, եւ շրջանաւարտ ըլլալու պարագային՝ վկայագիր պիտի ստանայ ու Թուրքիոյ մէջ պիտի կարենայ շարունակել իր բարձրագոյն ուսումը։
Նոր օրէնքին շնորհիւ կարգ մը փոքրամասնական վարժարաններ, որոնք աշակերտի չգոյութեան պատճառաւ փակուելու սեմին հասած էին, պիտի փրկուին այդ վտանգէն, որովհետեւ նոր աշակերտներ պիտի ունենան։ Կ՛ենթադրուի, թէ յաւելեալ շուրջ երկու հազար աշակերտներ պիտի արձանագրուին փոքրամասնական վարժարանները։ «Կը կարծենք, որ այս թիւը չափազանցուած է ու շատ լաւատես ենթադրութիւն է», կը գրէ «Մարմարա»։
Կառավարութիւնը վերջերս նոր կանոնագրութեամբ մը ընդունած էր, որ հայաստանցի մանուկները հիւրաբար արձանագրուին հայոց վարժարանները, բայց ասիկա այնքան ալ բաւարար չէր նկատուած։ Կը թուի, թէ այս ձեւով վերջ կը տրուի «հիւր աշակերտ»ի դրութեան։
Նոր կանոնագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ փոքրամասնական վարժարաններու մուտքին, տեսանելի ու ներկայանալի կերպով պիտի բացուի «Աթաթիւրքի անկիւն» մը։ Այս հարցը երկար ժամանակէ ի վեր բանավէճի նիւթ դարձած էր ու փոքրամասնական վարժարանները զերծ կացուցուած էին «Աթաթիւրքի անկիւն» մը ունենալէ, բայց հիմա նոր կանոնագրութիւնը կը պահանջէ, որ անոնք եւս ունենան իրենց «Աթաթիւրքի անկիւն»ը։ «Հոս ալ սխալ բան մը կայ. կը կարծենք որ մեր վարժարաններն ալ միշտ ունեցած են «Աթաթիւրքի անկիւն» մը», կը նշէ թերթը:
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան գոհունակութեամբ ընդունած է այս լուրը։ «Տակաւին չենք գիտեր, թէ այս կանոնագրութիւնը ինչպէ՛ս պիտի գործադրուի, բայց այս վիճակով իսկ գնահատանքի արժանի է: Երախտապարտ ենք Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան: Մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր աշխատանք կը տանէինք այս հարցին լուծում մը գտնելու համար», ըսած է ան։