
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարի զինաթափման հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Անճելա Քէյնի հետ. այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուած են հակա-ահաբեկչութեան ռազմավարութեան, Զէնքի առեւտուրի պայմանագիրի, ռազմական ծախսերու եւ պիւտճէի, ինչպէս նաեւ փոքր զէնքի եւ թեթեւ սպառազինութեան անօրինական վաճառքի կանխարգիլման ու տարածաշրջանային զինաթափման հարցերուն առնչութեամբ Հայաստանի մօտեցումները: Կողմերը կարեւոր համարած են զինաթափման հարցերով ՄԱԿի համաժողովներուն հայկական կողմի աշխոյժ մասնակցութիւնը:
Ս. Օհանեան բանակցութիւններ ունեցած է նաեւ ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարի խաղաղապահ գործողութիւններու պետի պաշտօնակատար Տմիթրի Թիթովի հետ: «Աշխատանքային խորհրդակցութեանը քննարկուել են ՄԱԿի խաղաղապահ գործողութիւններին Հայաստանի յետագայ մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ հումանիտար ականազերծման կարողութիւնների զարգացման եւ այդ ուղղութեամբ համագործակցութեանն առնչուող հարցեր», ըսուած է նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նիւ Եորք կատարած իր այցի շրջանակներուն մէջ, նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է նաեւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին ՊՆ պատուիրակութեան ընկերակցած է ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեանը: