ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ «Եուրովիժըն»ի նախապատրաստութիւնը եւ անոր պատճառով արձանագրուող մարդ-կային իրաւունքներու ոտնակոխումները կը մնան միջազգային մամուլի օրակարգին վրայ: Այս մասին հերթական նիւթ մը հեռարձակած է Աւստրիոյ ORF կայանը՝ նշելով, որ այս տարուան «Եուրովիժըն»ը սկսած է կորսնցնելու զուարճալի յայտագիր մը ըլլալու յատկանիշը, որովհետեւ Պաքուն զայն քաղաքականացուցած է:
Նշելէ ետք Ատրպէյճանի հասցէին հնչող մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութեանց քննադատութիւնները, կայանը կ՛աւելցնէ, թէ երկրի թերթերուն աւելի քան 80 տոկոսը կը պատկանի իշխանութեանց, եւ պատկերասփիւռի բոլոր կայանները՝ բացի երկուքէն, կը մնան իշխանութեանց վերահսկողութեան տակ: Նաեւ, զանգուածային լրատուամիջոցներուն միայն 10 տոկոսը կ՛արտայայտէ ընդդիմութեան դիրքորոշումը:
Վերջին ամիսներուն, իշխանութիւնները նաեւ հարիւրաւոր ընտանիքներու բնակարանները քանդած էին «Եուրովիժըն»ի նախապատրաստութեանց ծիրէն ներս՝ բնակիչներ իրենց տուներէն արտաքսելով, առանց անոնց փոխհատուցում վճարելու:
Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնները, իբրեւ բողոք՝ որոշած են մրցոյթէն առաջ «Երգէ յանուն ժողովրդավարութեան» խորագիրով արշաւի մը սկսիլ:
ORF-ի հաղորդումին վերջաւորութեան կը նշուի, որ Պաքու կը փորձէ մրցոյթէն օգտուիլ՝ իր վարկը բարելաւելու համար, եւ այդ պատճառով, մամուլն ու պատկերասփիւռի կայանները կը հրապարակեն միայն կառավարութեան պաշտօնեաներու եւ համախոհներու կարծիքները:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Ղուպա քաղաքին մէջ Մարտ 1ին տեղի ունեցած հակաիշխանական զանգուածային բողոքի ցոյցին եւ խռովութեանց կապուած ձերբակալութիւնները շարունակուած են, երբ Մարտ 22ին հսկողութեան տակ առնուած են քաղաքապետն ու անոր տեղակալը՝ ցարդ ձերբակալուածներուն թիւը հասցնելով տասի, որոնց մէջ ըլլալով տեղական պատկերասփիւռի կայանի աշխատակիցներ եւ «Փոլիկոն» լրատուական գործակալութեան Ղուպայի թղթակիցը: