ԽԱՐՔՈՎ, Ուքրանիա.- Ուքրանիոյ Խարքով մարզի նախկին ղեկավար, հայազգի Արսէն Աւագով, որ միջազգային հետախուզման մէջ կը գտնուի եւ կը նկատուի երկիրի նախկին վարչապետ Եուլիա Դեմոշենքոյի մերձաւորներէն մէկը, ձերբակալուեցաւ Իտալիոյ մէջ։ Այլ մանրամասնութիւններ չեն ներկայացուած ցարդ։
Խարքովի մարզի նախկին նահանգապետը կը մեղադրուի պաշտօնական դիրքը չարաշահելու ամբաստանութեամբ։ Աւագովի կողմնակիցները իրեն դէմ ներկայացուած մեղադրանքները կը նկատեն իբրեւ ընդդիմադիր գործիչի քաղաքական հետապնդում։ Աւագովի ձերբակալութեան մասին տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ։