ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Պըրպենք Լիտըր» թերթը կը հաղորդէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին ոստիկան Սթիւ Գարակէօզեան առաջին անգամ ըլլալով դատարանին մէջ վկայութիւններ տուած է Պըրպենքի ոստիկանութեան իր պաշտօնակիցներուն եւ Պըրպենք քաղաքի իշխանութիւններուն դէմ իր բացած դատին առնչութեամբ:
Գարակէօզեան կը պնդէ, թէ անարդարանալի հետապնդումներու եւ խտրական մօտեցումի ենթարկուած է՝ հայ ըլլալուն համար։ Դատական նիստի ընթացքին ան պատմած է, որ ինք տարիներէ ի վեր ցեղային վիրաւորանքներու թիրախ դարձած է, եւ այդ վիրաւորանքները հնչած են ոչ միայն իր, այլ ընդհանրապէս բոլոր հայերուն հասցէին։ Ան պատմած է, թէ միւս սպաները վիրաւորական արտայայտութիւններ կ՛ընէին հայերուն մասին 2004էն սկսեալ, երբ ինք նոր սկսած էր ոստիկանութեան նախապատրաստական դասընթացքներու հետեւելու։ Ան նախապէս այդ մասին ո՛չ մէկուն յայտնած է՝ նորեկ ըլլալուն համար:
Դատավարութիւնը կը շարունակուի եւ դատարանը յառաջիկայ օրերուն պիտի քննէ նաեւ ամբաստանեալներու վկայութիւնները։